
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շաբաթ երեկոյեան ներկայ գտնուեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպած 14 մարտ 1989-ին մղուած Ազատագրութեան պատերազմին նուիրուած ձեռնարկի մը, որուն ընթացքին ան կոչ ուղղեց բոլորին նոր էջ մը բանալու` մօտիկ եւ հեռաւոր անցեալի փորձառութիւններէն դասեր քաղելով:
Զօր. Աուն կոչ ուղղեց բոլորին իրարու հետ ձեռք թօթուելու եւ միասնաբար գործելու` կանխարգիլելու համար Լիբանանին սպառնացող վտանգները:
Ան շեշտեց, որ իրենք բնաւ պիտի չկրկնեն Տոհայի մէջ արձանագրուած սխալը:
«Լիբանանի շրջանցած տարբեր հանգրուաններուն մեր հիմնական հոգը եղած է պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, որովհետեւ մենք կը հաւատանք, որ երկխօսութիւնը փրկութիւն է եւ Լիբանանի մէջ ոչ ոք կրնայ ուրիշը ջնջել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Ֆրանսայի մէջ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ իրենց ունեցած երկխօսութիւնը արդիւնաւորուեցաւ Ազգային շահերու կառավարութեան կազմութեամբ: «Այսպէս, մեր քաղաքական ուղեգիծը Լիբանանը փրկեց հրդեհներէ եւ պահպանեց անոր ապահովական կայունութիւնը», յայտնեց զօր. Աուն:
Ան ընդգծեց հանրապետութեան հզօր նախագահ մը ընտրելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է նաեւ արդիական զէնքերով օժտել լիբանանեան բանակը, որպէսզի զինուած ըլլալու անոր իրականութիւնը կանխարգիլէ բանակին դէմ մնայուն յարձակումները:
«Մենք բոլորս բանակ ենք Արսալի բարձունքներուն վրայ եւ Դիմադրութիւն ենք` Իսրայէլի, հաւատադրժողականներուն եւ ահաբեկիչներուն դէմ», եզրափակեց ան:


