
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վերադարձաւ Լիբանան` Շարմ Շէյխի մէջ Եգիպտոսի օժանդակութեան արաբական տնտեսական ֆորումին իր բերած մասնակցութենէն ետք:
Նշենք, որ վարչապետ Սալամ Շարմ Շէյխի մէջ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, որոնց շարքին էր Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մուքրեն պըն Ապտել Ազիզի հետ Սալամի եւ լիբանանեան պատուիրակութեան հանդիպումը:
Քննարկուեցան արաբական ընդհանուր կացութիւնը եւ լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու կարելիութիւնները:
Վարչապետ Սալամ շնորհակալութիւն յայտնեց Ռիատին, որ մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին:
Իր կարգին, գահաժառանգ իշխանը շեշտեց լիբանանցիներուն միասնականութեան նկատմամբ Սէուտական Արաբիոյ յանձնառութիւնը` կոչ ուղղելով լիբանանցիներուն շրջանցելու իրենց քաղաքական տարակարծութիւնները եւ յարգելու սահմանադրական իրենց պարտաւորութիւնները:
Վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Եգիպտոսի վարչապետ Իպրահիմ Մահլեպի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս տնտեսական մարզը յուզող հարցերը:
Վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխնախագահ, վարչապետ, Տուպայի կառավարիչ շէյխ Մոհամետ պըն Ռաշետ Ալ Մաքթումի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Սալամ շեշտեց երկկողմանի յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը եւ լիբանանցիներուն յանձնառութիւնը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կայունութեան նկատմամբ:
Վարչապետ Սալամ Մոհամետ պըն Ռաշետ Ալ Մաքթումի հետ քննարկեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն 70 լիբանանցիներ աքսորելու հարցը, որուն գծով Տուպայի կառավարիչը խոստացաւ հետապնդում կատարել` հաստատելով, որ լիբանանցիները աքսորելու պաշտօնական որոշում չկայ: Ան նշեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ կ՛ապրին մեծ թիւով լիբանանցիներ, որոնք իրենց ներդրումը կ՛ունենան Էմիրութիւններուն բարգաւաճման մէջ:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն համաձայն չորեքշաբթի, 25 մարտ 2015-ին պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետները փակ պիտի մնան, Աւետման տօնին առիթով:


