Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ Դամասկոսի Ժարամանա շրջանին մէջ հովանաւորեց տիւրզի համայնքին մէջ հաշտութեան արարողութեան մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Սուրիոյ փլուզումին մասին վախի հանգրուանը վերջ գտած է` աւելցնելով, որ իրենք կը գտնուին Սուրիոյ յաղթանակը տօնելու սեմին:
Ուահապ հաստատեց, որ տիւրզի համայնքը մնայուն կերպով նեցուկ կը կանգնի սուրիական բանակին, Դիմադրութեան եւ նախագահ Պաշշար Ասատին: