Երեւանի Մէջ Գումարուող «Արարատի Ստորոտին» Լրագրական Հաւաքին Առիթով. «Հայ Ժողովուրդը Միշտ Կը Յիշէ Ցեղասպանութիւնը» Կը Յայտարարէ Լրագրող Տընիզ Աթալլա «Արցախփրես»-ին
«Ես գիտեմ, թէ որքան կարեւոր է ցեղասպանութեան հարցը լիբանանահայերուն համար», յայտարարած է լիբանանեան արաբատառ «Սաֆիր» օրաթերթի լրագրողներէն Տենիզ Աթալլա, որ այս օրերուն Երեւան կը գտնուի «Արարատի Ստորոտին» խորագրեալ մամլոյ միջազգային համաժողովի գումարման առիթով: «Արցախփրես»-ին կատարած իր յայտարարութեամբ Աթալլա յոյս յայտնած է, որ Երեւանի մէջ գումարուող միջազգային այս հաւաքը կ՛ապացուցէ, թէ հայեր տէր են իրենց պահանջներուն: Տենիզ Աթալլա, որ առաջին անգամ...



















