
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հիմնադիր Քամալ Ժոմպլաթի նահատակութեան 38-րդ տարելիցին առիթով, երէկ մեծ թիւով անձնաւորութիւններ, կրօնաւորներ եւ ժողովրդային պատուիրակութիւններ այցելեցին Մուխթարա, ուր ծաղիկ զետեղեցին տիւրզի ղեկավարին դամբարանին:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ անոր զաւակը` Թէյմուր առաջնորդեցին այցելուները, որոնց շարքին էր նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի ներկայացուցիչներ, երեսփոխաններ Մոհամետ Հաժժար եւ Պասեմ Շապ, նախարարներ Աքրամ Շեհայէպ եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի ներկայացուցիչ, Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուր, Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին եւ այլ անձնաւորութիւններ: