Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը, յատկապէս Արսալի բարձունքներուն, Ռաս Պաալպեքի եւ սահմանային այլ շրջաններու մէջ, ուր բանակը դէմ կը դնէ սահմանները խզել եւ Լիբանան ներթափանցել փորձող ահաբեկիչներուն:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան բանակին կարիքները: