ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շեշտեց լիբանանցիներուն կողմէ սահմանադրական հաստատութիւններուն շուրջ համախմբուելու անհրաժեշտութիւնը:
ՈՒԱՏԻ Խալետի մէջ «Պանի Սախըր» կոչուող դպրոցին պատերուն վրայ ՏԱՀԵՇ-ի յատուկ կարգախօսներ արձանագրուած էին:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ օդուժը ռմբակոծումի թիրախ դարձուց Արսալի բարձունքները, յատկապէս Խըրպըթ Եունինի շրջանը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, պետական ուսուցիչներու եւ պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը նոր խոչընդոտներու դիմաց կը գտնուի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ իրենց կատարած երկխօսութեան արձանագրած զարգացումը չի նշանակեր, որ իրենք հասած են նախագահական ընտրութեան թղթածրարը քննարկելու հանգրուանին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ լիբանանեան ներքին երկխօսութեամբ իրենք կը փորձեն նախագահական ընտրութեան թղթածրարին մէջ յառաջդիմութիւն մը արձանագրել:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա պըն Զայետի հետ քննարկած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն 70 լիբանանցիներուն արտաքսումին դրդապատճառները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը փաստած է բոլորին, որ հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները շատ կարեւոր են:
ԱՆԿԱԽ հոսանքի նախագահ Իսամ Ապու Ժամրա շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանական նիստերէն կարգ մը պլոքներու բացակայութիւնը պատճառ դարձած է խորհրդարանին աշխատանքներուն սառեցման:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Զիատ Քատիրի ընդգծեց, որ այսօր խիստ կարիքը կայ վերանորոգելու այնպիսի ուխտեր, որոնք կ՛օժանդակեն ամրապնդելու լիբանանեան պետութիւնը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար շեշտեց, որ պէտք է մնայուն կերպով շնորհակալութիւն յայտնել Իրանին, որովհետեւ ան արաբներէն շատ աւելի օգնած է լիբանանցիներուն:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ֆրանսական քաղաքականութեան համար առաջնահերթութիւն է զօրակցիլ պետական հաստատութիւններուն եւ երկրին կայունութեան:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ Պէյրութէն մեկնեցաւ Ուաշինկթըն:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի անդամ, երեսփոխան Ղազի Արիտի կոչ ուղղեց դասաւորելու լիբանանեան ներքին տարակարծութիւնները եւ կանխարգիլելու իրարու միջեւ սադրանքները:


