Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրենժիէ. «Զօր. Աունի Թեկնածութեան Յետս Կոչուելու Պարագային, Բնականաբար Ես Եմ Մարտ 8-ի Ուժերուն Թեկնածուն»

Մարտ 14, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սլէյման Ֆրենժիէ
Սլէյման Ֆրենժիէ

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք ունին իրենց քաղաքական ուղեգիծը եւ նախագահական թեկնածուն, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունն է:

Ան աւելցուց, որ ինք միայն զօր. Աունի պիտի քուէարկէ եւ ոչ թէ միջին զօրութեամբ նախագահական թեկնածուի մը:

«Մենք յանձնառու ենք զօր. Աունի հետ մեր ունեցած սկզբունքային դիրքորոշումներուն եւ ոչ թէ անոնց, որոնց շուրջ զօր. Աուն եւ Սամիր Ժահժահ համաձայնած են», ըսաւ Ֆրենժիէ` աւելցնելով, որ զօր. Աունի թեկնածութեան յետս կոչուելու պարագային, բնականաբար ինքն է Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն թեկնածուն:

Ան վերահաստատեց իր կեցուածքը` յայտնելով, որ եթէ հանրապետութեան նախագահը պիտի ըլլայ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նման անձնաւորութիւն մը, ապա ինք կը նախընտրէ նախագահական աթոռը թափուր տեսնել:

Անդրադառնալով քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ երկխօսութեան` Ֆրենժիէ նշեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը մեղմացուցած է լարուածութիւնը, իսկ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ երկխօսութիւնը նպաստած է երկրին մէջ դրական մթնոլորտի ստեղծման:

Այս շրջագիծին մէջ Մարատայի ղեկավարը հաստատեց, որ Արեւելքի քրիստոնեաներուն դէմ կատարուած չարիքը կը գերազանցէ բոլորը, «իսկ եթէ ՏԱՀԵՇ Զղարթայի վրայ յարձակում գործէ, ապա ես եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան անդամները նոյն խրամատին մէջ պիտի գտնուինք, հետեւաբար քրիստոնէական մակարդակի վրայ առողջ մթնոլորտ կը տիրէ», հաստատեց ան:

Բանակին հրամանատարութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆրենժիէ շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի Շամել Ռուքոզին` իբրեւ բանակի հրամանատարի թեկնածու, բայց եւ այնպէս կը զօրակցի նաեւ զօր. Ժան Քահուաժիի, բանակի հրամանատարին պաշտօնը թափուր պահելու փոխարէն:

Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է գործակցի սուրիական պետութեան հետ` ահաբեկչութեան դէմ պայքարին իմաստով:

 

Նախորդը

«Լիբանանցիները Կը Մերժեն Իրանեան Կայսրութեան Մաս Կազմել» Շեշտեց Սաատ Հարիրի

Յաջորդը

Շարմ Շէյխի Մէջ . Վարչապետ Սալամ Մասնակցեցաւ Եգիպտոսի Օժանդակութեան Տնտեսական Ֆորումին

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?