Լիբանանեան

Սահմանադրական Ու Քաղաքական  Տագնապ Մը Կանխելու Համար.  Վաղուան Նիստը Պիտի Վճռէ Կառավարութեան Ճակատագիրը

Սահմանադրական Ու Քաղաքական Տագնապ Մը Կանխելու Համար. Վաղուան Նիստը Պիտի Վճռէ Կառավարութեան Ճակատագիրը

Սամիր Ժահժահ - Մուքպել Աղբակոյտերու թնճուկի հետեւանքները չհարթուած, բոլորին հայեացքները սեւեռած են նախարարաց խորհուրդի յառաջիկայ նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` հինգշաբթի, երբ քննարկման սեղանին վրայ պիտի դրուին ժողովրդային հրատապ անմիջական հարցերը: Արդարեւ, վարչապետ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներու համաձայն, ան այս նիստին պիտի արծարծէ եւ վճռէ աղբակոյտերու եւ առհասարակ ժողովուրդի անմիջական կարիքներուն առնչուող հարցերը: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, Սալամ վճռած է...

Պաղեստինեան Հարցին  Ի Նպաստ Համագումարին Առիթով`  Սէյիտ Նասրալլա Կոչ Ուղղեց Վերընթերցելու Դիմադրութեան Փորձառութիւնը

Պաղեստինեան Հարցին Ի Նպաստ Համագումարին Առիթով` Սէյիտ Նասրալլա Կոչ Ուղղեց Վերընթերցելու Դիմադրութեան Փորձառութիւնը

Պաղեստինեան դատին զօրակցող համագումարի մը ընթացքին, Հըզապլլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ կոչ ուղղեց վերընթերցելու Դիմադրութեան ապրած փորձառութիւնն ու արձանագրած իրագործումները: Նասրալլա յայտնեց, որ շրջանին մէջ կան ծայրայեղական, հաւատադրժողական խմբաւորումներ, որոնք աւերներ կը գործեն, սակայն ատիկա չի կրնար ծածկել Իսրայէլի գործած սարսափները պաղեստինցիներուն նկատմամբ: «Ու այսօր անտեսել Իսրայէլի ըրածները եւ զայն բարեկամ նկատել` անընդունելի է», ընդգծեց սէյիտ Հասան Նասրալլա:

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում  Համախմբումի Նիստին Աւարտին.  «Կարելի Չէ Մարդոց Պարտադրել Աղբակոյտերու Ամբարումը Իրենց Շրջաններուն Մէջ»  Ըսաւ Նախարար Պասիլ

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նիստին Աւարտին. «Կարելի Չէ Մարդոց Պարտադրել Աղբակոյտերու Ամբարումը Իրենց Շրջաններուն Մէջ» Ըսաւ Նախարար Պասիլ

Ժպրան Պասիլ «Կարելի չէ մարդոց պարտադրել աղբակոյտերը ամբարել իրենց քաղաքապետութեանց սահմաններուն ծիրին մէջ», յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ, երէկ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի հերթական նիստին աւարտին: «Կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք աղբակոյտերու հարցին գծով ներկայացուց ծրագիր մը, զոր Համախմբումը վաւերացուց քննելէ ետք անոր մանրամասնութիւնները, պայմանաւ որ անիկա ըլլայ առժամեայ եւ հանգրուանային լուծում», աւելցուց Պասիլ:

«Պագալեան» Ալրաղաց Ընկերութիւնը  Կը Միտի Փակել Հաստատութիւնը

«Պագալեան» Ալրաղաց Ընկերութիւնը Կը Միտի Փակել Հաստատութիւնը

Լիբանանի ալիւրի կարիքին 35-40 առ հարիւր համեմատութիւնը արտադրող «Արեւելքի ճարտարարուեստական ընկերութիւն»-ը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ որոշած է փակել իր հաստատութիւնը` իր գործարանին կից տարածքին մէջ աղբերու ամբարման որոշումին լոյսին տակ: Արդարեւ, նախարարական ենթայանձնախումբի որոշումով կը նախատեսուի, որ աղբակոյտերու մէկ մասը պիտի ամբարուի Քարանթինայի մէջ` նշեալ գործարանի կողքին: Ընկերութիւնը կոչ ուղղեց իր հաղորդագրութեամբ պատկան կողմերուն յետս կոչելու իրենց այդ որոշումը...

Հակառակ Լուծման Գծով Շարունակուող  Քուլիսային Խորհրդակցութիւններուն`.  Աղբերու «Ցունամի»-ն  Զօրաշարժի  Կը Մատնէ Լիբանանը  Բոլոր Մակարդակներու Վրայ

Հակառակ Լուծման Գծով Շարունակուող Քուլիսային Խորհրդակցութիւններուն`. Աղբերու «Ցունամի»-ն Զօրաշարժի Կը Մատնէ Լիբանանը Բոլոր Մակարդակներու Վրայ

Շաբաթէ մը ի վեր լիբանանցիք կ՛ապրին կենսոլորտային ոչ նախանձելի պայմաններու մէջ` երկրի զանազան շրջաններուն մէջ կուտակուած աղբերու երեւոյթին եւ անոր հետեւանքներուն լոյսին տակ: Յատկապէս մայրաքաղաք Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ օրըստօրէ բազմացող աղբակոյտերու պատկերը վտանգաւոր «ցունամի»-ի նման կ՛ողողէ Լիբանանը, զօրաշարժի մատնելով Լիբանանը պետական, պաշտօնական թէ ժողովրդային մակարդակներու վրայ: Այս մթնոլորտը կը զուգադիպի քաղաքական այլ, բայց նոյնքան վտանգաւոր ու...

Քաղաքական Լուրջ Տագնապի Մը   Ազդանշանը  Դրսեւորելով`  Վարչապետ Թամմամ Սալամի Հրաժարականին Մասին  Խօսակցութիւնները Աւելի Յաճախակի Կը Դառնան

Քաղաքական Լուրջ Տագնապի Մը Ազդանշանը Դրսեւորելով` Վարչապետ Թամմամ Սալամի Հրաժարականին Մասին Խօսակցութիւնները Աւելի Յաճախակի Կը Դառնան

Այն միջոցին, երբ երկիրը տարուած է իր աղբակոյտերու հոտերով ու ծուխերով, վարչապետ Թամմամ Սալամի հրաժարման  հաւանականութեան մասին անցնող 24 ժամերուն շրջան ընող լուրերը քաղաքական ազդանշան մը կը նկատուին կացութեան վատթարացման գծով` մէկէ աւելի մարզերու մէջ: Արդարեւ, երէկ յատկապէս  յետմիջօրէի ուշ ժամերուն տեղեկութիւններ շրջեցան Սալամի հրաժարման հաւանականութեան մասին: Տեղեկութիւնները աւելի լուրջ բնոյթ ստացան, երբ երեկոյեան դիմակաւորներ Սալամի բնակարանին առջեւ բողոքի ցոյց...

Ղովմի Կուսակցութեան Հիմնադիր Անթուն  Սաատէի Նահատակութեան  Նուիրուած Յիշատակի Ձեռնարկ

Ղովմի Կուսակցութեան Հիմնադիր Անթուն Սաատէի Նահատակութեան Նուիրուած Յիշատակի Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Ղովմի կուսակցութեան, երէկ տեղի ունեցաւ կուսակցութեան հիմնադիր Անթուն Սաատէի նահատակութեան նուիրուած յիշատակի ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան յայտնեց, որ Լիբանան ազգային նոր տագնապի դէմ յանդիման կը գտնուի` նկատի ունենալով, որ նախագահական աթոռը թափուր կը մնայ, խորհրդարանը օրէնսդրական աշխատանք չի կատարեր, կառավարութեան աշխատանքները սառած են, տնտեսութիւնը տագնապէ կը տառապի, իսկ մարդիկ ձգուած են իրենց ճակատագիրին: «Առանց...

Աղբերը Կը Մնան Տիրական  Ամբողջ Լիբանանի Մէջ

Աղբերը Կը Մնան Տիրական Ամբողջ Լիբանանի Մէջ

Ցուցարարներ կը փակեն Ժիէի ճամբան Լիբանանի մէջ սկսած աղբերու կուտակման տագնապը կը շարունակուի` ամբողջ երկիրն ու մայրաքաղաքը վերածելով աղբանոցի: Լիբանանի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ աղբերը կը մնան տիրական` ապականելով երկրին օդն ու կլիման, մերթ մնալով իրենց թունաւոր վիճակին մէջ եւ մերթ հրկիզուելով ու վերածուելով աւելի վտանգաւոր թոյնի: Իբրեւ բարի կամեցողութեան նշան` «Սուքլին» ընկերութիւնը երէկ նախաձեռնեց հաւաքելու Պէյրութի եւ անոր արուարձաններուն...

«Կառավարութեան Հրաժարականին Մասին  Շրջանառութեան Մէջ Դրուած Տեղեկութիւնները  Երկրին Համար Վնասակար Են»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Կառավարութեան Հրաժարականին Մասին Շրջանառութեան Մէջ Դրուած Տեղեկութիւնները Երկրին Համար Վնասակար Են» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ Դիմադրութեան նահատակ մարտիկներուն զաւակներուն աւարտական հանդէսին առիթով արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնն ու կառավարութիւնը յստակ պատասխանատուութիւններ ունին լիբանանցիները պաշտպանելու առումով եւ անոնք այդ պատասխանատուութեան մէջ թերացում կ՛արձանագրեն: Անդրադառնալով Հըզպալլայի պատկերը աղաւաղել փորձող կողմերուն եւ զայն իբրեւ դրամի լուացումի եւ թմրեցուցիչի մաքսանենգումի կողմ ներկայացնող ուժերուն ամբաստանութիւններուն` Հըզպալլա յայտնեց, որ...

Վարչապետ Սալամ Պիտի Հրաժարի՞

Վարչապետ Սալամ Պիտի Հրաժարի՞

Վարչապետ Սալամ Անցեալ շաբաթավերջին շրջանառութեան մէջ դրուեցան վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ հրաժարելու հաւանականութեան ակնարկող շարք մը լուրեր, որոնցմէ են տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժի կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ Սալամ պիտի չշարունակէ կաշկանդուած մնալ, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ Սալամ անցեալ շաբթուան ընթացքին զգուշացուցած է երկիրը սառեցնող քաղաքական ուժերը իր հրաժարականին կարելիութեամբ` նկատի ունենալով, որ ան...

Զօր. Աուն. «Արսալը Վերածուած Է  Հաւատադրժողական Խմբաւորումներու  Զինեալներուն Խարիսխին»

Զօր. Աուն. «Արսալը Վերածուած Է Հաւատադրժողական Խմբաւորումներու Զինեալներուն Խարիսխին»

Զօր. Միշել Աուն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն իրանեան ԻՐՆԱ պաշտօնական լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Հըզպալլա պաշտպանած է բոլոր լիբանանցիները, հետեւաբար լիբանանցիները շահաւոր դուրս եկած են անոր արձանագրած յաղթանակէն: «Յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Իսրայէլի դէմ Հըզպալլայի արձանագրած յաղթանակը ամէնէն պատուաբեր յաղթանակն է», ըսաւ ան: Զօր. Աուն նշեց, որ իր...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ բանակայիններուն ընտանիքները Մուխթարայի մէջ հանդիպում մը ունեցան Թէյմուր Ժոմպլաթի հետ` ներկայութեամբ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, բանակը ներխուժումներ կատարած է Զղարթա, Էհտեն եւ Մըրյաթա, ուր ձերբակալած է ապօրինի կերպով Լիբանան մուտք գործած 23 սուրիացիներ: ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ առաջարկեց Պէյրութի եւ անոր արուարձաններուն աղբերը կուտակել Պուրճ Համուտի եւ Խալտէի աղբանոցներուն...

«Վանայ Ձայն» Կը Ստանայ Յուշանուէր Մը

«Վանայ Ձայն» Կը Ստանայ Յուշանուէր Մը

Ժապաւէններու պատրաստութեան եւ արուեստի արտադրութեանց Պէյրութի միջազգային ընկերութիւնը վերջերս կազմակերպեց իֆթար մը, որուն հրաւիրուեցան ռամատան ամսուան ընթացքին «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած «Տարպ Եասմին» ֆիլմաշարին անձնակազմին անդամները: Այս առիթով կատարուեցաւ յուշանուէրներու յանձնում բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին այդ ֆիլմաշարին յաջողութեան: Յուշանուէր ստացողներուն շարքին էր նաեւ «Վանայ ձայն»-ը, որուն յուշանուէրը ստանձնեց կայանի հաղորդավարներէն Հալա Հատտատ:

Վարչապետ Սալամ Ֆաթհալիէն Իմացաւ Իրանի  Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Գոյացած  Համաձայնութեան Մանրամասնութիւնները

Վարչապետ Սալամ Ֆաթհալիէն Իմացաւ Իրանի Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Գոյացած Համաձայնութեան Մանրամասնութիւնները

Ֆաթհալի եւ վարչապետ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ֆաթհալի շեշտեց, որ վարչապետ Սալամին ներկայացուցած է Իրանի հիւլէականի ծրագիրին շուրջ գոյացած համաձայնութեան մանրամասնութիւնները եւ փափաք յայտնած, որ այդ համաձայնագիրը իր դրական ազդեցութիւնը ունենայ ամբողջ շրջանին վրայ: Ֆաթհալի շեշտեց, որ...

Մոհամետ Մաշնուք –  Սամի Ժեմայէլ Հանդիպում

Մոհամետ Մաշնուք – Սամի Ժեմայէլ Հանդիպում

Կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք երէկ այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող աղբերու տագնապը: Հանդիպումին ընթացքին Մաշնուք շեշտեց, որ իրենք աղբերը ժամանակաւոր կերպով պիտի զետեղեն որոշ վայրերու մէջ, մինչեւ յստակ լուծումներու յանգիլը: Ան աւելցուց, որ իրենք կը վստահին քաղաքացիներուն եւ քաղաքապետարաններուն գործակցութեան: «Կը յուսանք, որ աղբերը զետեղելու նպատակով յատուկ վայրերուն յայտարարութեան պարագային, քաղաքապետարանները ընդառաջեն մեր...

«Էն. Տի. Եու.»-ի Մէջ.  «Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաները`  Աւանդ Եւ Պատգամ» Նիւթով Խորհրդաժողով

«Էն. Տի. Եու.»-ի Մէջ. «Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաները` Աւանդ Եւ Պատգամ» Նիւթով Խորհրդաժողով

Կազմակերպութեամբ Մարոնիներու լիկային, երէկ «էն. Տի. Եու.» համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները` աւանդ եւ պատգամ» նիւթով խորհրդաժողովը` հովանաւորութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, ինչպէս նաեւ նախարարներ Ժըպրան Պասիլի եւ Ռոնի Արայժիի, Լիբանանի մէջ պապական պատուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիայի եւ մեծ թիւով պետական ներկայացուցիչներու եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու: Խորհրդաժողովին ընթացքին Ռայի պատրիարքը իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ...

Ժոմպլաթ. «Բանակի Հրամանատարութեան  Դէմ Արշաւը Օգտակար Չէ»

Ժոմպլաթ. «Բանակի Հրամանատարութեան Դէմ Արշաւը Օգտակար Չէ»

Ուալիտ Ժոմպլաթ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ յայտնեց, որ հակառակ երկիրը սառեցնող ընդհանուր իրավիճակին, անոր պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը արգելակող խոչընդոտներուն եւ հանրութեան շահերուն սպառնացող վտանգներուն, լիբանանեան բանակը կը մնայ միակ հաստատութիւնը, որ կը պահպանէ երկիրն ու լիբանանցիները` անոնց սպառնացող բոլոր վտանգներուն դէմ: «Բանակը արժանի է, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը զայն հեռու պահեն իրենց բանավէճերէն, որպէսզի ան...

Բանակը Ձերբակալեց  23 Սուրիացիներ

Բանակը Ձերբակալեց 23 Սուրիացիներ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ լիբանանեան բանակը Թաանայէլի, Մընիէի, Պհանինի եւ Զահլէի մէջ ձերբակալած է 23 սուրիացիներ, որոնք առանց օրինական փաստաթուղթերու կը շրջէին: Ձերբակալեալներէն ոմանք ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամ կասկածելիներ են, իսկ անոնցմէ երեքը ապօրինի մոթորսիքլեթներ ունէին: Բանակը ձերբակալեալներն ու գրաւուած իրերը յանձնեց համապատասխան դատական իշխանութիւններուն: Նշենք, որ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի...

«Հաւատադրժողական  Ահաբեկիչները Ամերիկեան  Եւ Ծոցի Երկիրներու  Արտադրութիւն Են»  Շեշտեց Նայիմ Քասեմ

«Հաւատադրժողական Ահաբեկիչները Ամերիկեան Եւ Ծոցի Երկիրներու Արտադրութիւն Են» Շեշտեց Նայիմ Քասեմ

Շէյխ Նայիմ Քասեմ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Սուրիա կը դիմագրաւէ միջազգային եւ շրջանային պատերազմ ու բռնարարքներ, որոնց նպատակն է անոր նպատակներն ու Դիմադրութեան առանցքը փոփոխութեան ենթարկել: «Սակայն Արեւմուտքին եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները ստեղծող բոլոր պատասխանատուներուն համար յստակ դարձաւ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ, սուրիացիները, սուրիական բանակն ու Դիմադրութեան առանցքը իրարու եւ Պաղեստինեան դատին կառչած կը մնան եւ...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան  Երեսփոխանական Պլոքը Կը Քննադատէ  Կառավարութեան Սխալ Ընթացքը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Երեսփոխանական Պլոքը Կը Քննադատէ Կառավարութեան Սխալ Ընթացքը

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ նախանցեալ օր նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող շարք մը հարցեր: Նիստէն ետք, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ պլոքը քննադատած է կառավարութեան սխալ ընթացքը` նկատի ունենալով որոշ թղթածրարներ, որոնց լոյսին տակ արձանագրուած են կաշառակերութեան պարագաներ, որոնք իրենց կարգին քանդած են քաղաքացիին եւ պետութեան միջեւ վստահութիւնը: Պլոքը խստիւ քննադատեց նաեւ կառավարութեան...

Page 920 of 985 1 … 919 920 921 … 985

Արխիւներ