
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ յայտնեց, որ հակառակ երկիրը սառեցնող ընդհանուր իրավիճակին, անոր պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը արգելակող խոչընդոտներուն եւ հանրութեան շահերուն սպառնացող վտանգներուն, լիբանանեան բանակը կը մնայ միակ հաստատութիւնը, որ կը պահպանէ երկիրն ու լիբանանցիները` անոնց սպառնացող բոլոր վտանգներուն դէմ:
«Բանակը արժանի է, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը զայն հեռու պահեն իրենց բանավէճերէն, որպէսզի ան իր զինուորներուն կորովը բարձր պահէ եւ իր առաքելութիւնը կատարէ», հաստատեց Ժոմպլաթ:
Ան ըսաւ, որ բանակի հրամանատարութեան դէմ արշաւը օգտակար չէ եւ չի ծառայեր այս օրերուն ի գործ դրուած բանակին նպատակներուն: