
«Կարելի չէ մարդոց պարտադրել աղբակոյտերը ամբարել իրենց քաղաքապետութեանց սահմաններուն ծիրին մէջ», յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ, երէկ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի հերթական նիստին աւարտին:
«Կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք աղբակոյտերու հարցին գծով ներկայացուց ծրագիր մը, զոր Համախմբումը վաւերացուց քննելէ ետք անոր մանրամասնութիւնները, պայմանաւ որ անիկա ըլլայ առժամեայ եւ հանգրուանային լուծում», աւելցուց Պասիլ: