Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կառավարութեան Հրաժարականին Մասին Շրջանառութեան Մէջ Դրուած Տեղեկութիւնները Երկրին Համար Վնասակար Են» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յուլիս 27, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-26-15_seyid25

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ Դիմադրութեան նահատակ մարտիկներուն զաւակներուն աւարտական հանդէսին առիթով արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնն ու կառավարութիւնը յստակ պատասխանատուութիւններ ունին լիբանանցիները պաշտպանելու առումով եւ անոնք այդ պատասխանատուութեան մէջ թերացում կ՛արձանագրեն:

Անդրադառնալով Հըզպալլայի պատկերը աղաւաղել փորձող կողմերուն եւ զայն իբրեւ դրամի լուացումի եւ թմրեցուցիչի մաքսանենգումի կողմ ներկայացնող ուժերուն ամբաստանութիւններուն` Հըզպալլա յայտնեց, որ Հըզպալլա կը մերժէ սովորական առեւտուր կատարել, իսկ թմրեցուցիչի մաքսանենգումն ու դրամի լուացումը անպարկեշտ եւ անբարոյ երեւոյթներ են, որոնք ոչ մէկ կապ ունին կուսակցութեան հետ: «Անոնք, որոնք չեն կրնար մեզ ֆիզիքապէս սպաննել, կը փորձեն բարոյապէս սպաննել, սակայն մենք բարոյական մահափորձերուն եւ սպանութեան եւս նոյն համբերութեամբ, կամքով ու զօրութեամբ պիտի դիմադրենք, այնպէս ինչպէս կը կատարենք պատերազմներու ընթացքին», շեշտեց ան:

Այս շրջագիծին մէջ ան ակնարկեց նաեւ լիբանանեան մամուլին եւ անոր ընդմէջէն կատարուած այն մեկնաբանութիւններուն, թէ Հըզպալլա կը փորձէ տիրել Լիբանանին եւ խոչընդոտել նախագահական ընտրութիւնը եւ այլ եզրակացութիւններ, որոնք լրիւ շինծու են ու անճիշդ:

«Իսկ կարգ մը լիբանանեան քաղաքական ուժերու կողմէ յուլիսեան պատերազմի յաղթանակի ճանաչումին մերժումը կարելի է դասել Հըզպալլայի հանդէպ ատելութեան շրջագիծին մէջ: Անոնք ատելութեան պատճառով կը մերժեն ընդունիլ իրականութիւններ եւ ճշմարտութիւններ, որոնք ամբողջ աշխարհը եւ թշնամի Իսրայէլը կ՛ընդունին», ըսաւ ան:

Կառավարութեան աշխատանքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց անլոյծ մնացած թղթածրարները լուծելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս կառավարութեան գործելաոճը: Ան կոչ ուղղեց կառավարութեան շրջանային եւ միջազգային պայմաններուն վրայ գրաւ չդնելու, այլ երկխօսութիւն եւ խորհրդակցութիւն կատարելու:

«Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը պահանջներ ունի, հետեւաբար Մուսթաքպալ հոսանքը պէտք է խորհրդակցի անոր հետ, սակայն դժբախտաբար ան խուլ ականջ կը ձեւանայ այդ պահանջներուն դիմաց, ինչ որ հարցերը կը բարդացնեն: Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան վերջին նիստին ընթացքին, մենք Մուսթաքպալ հոսանքէն պահանջեցինք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ երկխօսութիւն կատարել, սակայն անոնք կը շարունակեն մերժել խորհրդակցութիւնները: Իսկ կառավարութեան հրաժարականին վերաբերեալ շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութիւնները երկրին համար վնասակար են: Երկիրը դէպի անիշխանութիւն տանիլը համազօր է Լիբանանը դէպի անորոշութիւն ուղղելու քայլին, իսկ քաղաքական տագնապը լուծելու միակ միջոցը երկխօսութիւնն է», հաստատեց սէյիտ Նասրալլա:

Ան շեշտեց, որ աղբերու տագնապին լուծումը կառավարութեան պարտականութիւնն է` աւելցնելով, որ իրեն համար ամօթալի է այդ մասին խօսիլ եւ կը մերժէ անդրադառնալ այդ հարցին:

Հըզպալլայի մասին Միացեալ Նահանգներու կեցուածքին ակնարկելով սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ անիկա տակաւին Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն կը նկատէ` աւելցնելով, որ այդ կեցուածքը Դիմադրութեան առաքելութենէն ոչինչ կը փոխէ: «Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ ստորագրուած համաձայնագիրէն առաջ եւ վերջ Միացեալ Նահանգներ կը մնան գլխաւոր սատանան», ըսաւ ան:

Հաւատադրժողական խմբաւորումներուն մասին իր խօսքին մէջ սէյիտ Նասրալլա հաստատեց Թուրքիոյ կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի տրամադրուած հսկայ հովանաւորութեան, դիւրութիւններուն եւ սահմանները բանալու ու անոնց Սուրիա մուտքը ապահովելու պատրաստակամութիւնը` աւելցնելով, որ այս օրերուն Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու կը յայտնէ, որ ՏԱՀԵՇ թրքական քաղաքացիական անվտանգութեան վտանգ կը սպառնայ: «Այս մասին մենք Տաւութօղլուին կրնանք «Բարի լոյս» ըսել», հեգնեց սէյիտ Նասրալլա` շեշտելով, որ ամբողջ աշխարհին գաղտնի սպասարկութիւնները անկարող են  հակակշիռի տակ առնել հաւատադրժողական կազմակերպութիւնները:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Պիտի Հրաժարի՞

Յաջորդը

Աղբերը Կը Մնան Տիրական Ամբողջ Լիբանանի Մէջ

RelatedPosts

Պարրաքի Յայտարարութեան  Լիբանանեան Արձագանգներ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանան Շրջանային Ուժերու Ձեռքը Իյնալու Վտանգը Կը Դիմագրաւէ, Պէտք Է Զէնքի Հարցը Լուծէ, Այլապէս Գոյութենական Վտանգ Կը Դիմագրաւէ»

Յուլիս 14, 2025
Պարրաքի Յայտարարութեան  Լիբանանեան Արձագանգներ
Լիբանանեան

Պարրաքի Յայտարարութեան Լիբանանեան Արձագանգներ

Յուլիս 14, 2025
«Պատրաստ Ենք Ոչ Ահաբեկչական Խնդիրներով  Բանտարկուածները Յանձնելու Համար Սուրիոյ Հետ  Համաձայնագիր Կնքելու»  Կ՛ըսէ Արդարադատութեան Նախարարը
Լիբանանեան

«Պատրաստ Ենք Ոչ Ահաբեկչական Խնդիրներով Բանտարկուածները Յանձնելու Համար Սուրիոյ Հետ Համաձայնագիր Կնքելու» Կ՛ըսէ Արդարադատութեան Նախարարը

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?