Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 27, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ բանակայիններուն ընտանիքները Մուխթարայի մէջ հանդիպում մը ունեցան Թէյմուր Ժոմպլաթի հետ` ներկայութեամբ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, բանակը ներխուժումներ կատարած է Զղարթա, Էհտեն եւ Մըրյաթա, ուր ձերբակալած է ապօրինի կերպով Լիբանան մուտք գործած 23 սուրիացիներ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ առաջարկեց Պէյրութի եւ անոր արուարձաններուն աղբերը կուտակել Պուրճ Համուտի եւ Խալտէի աղբանոցներուն մէջ:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց, որ իսլամ քաղաքական գործընկերներն են, որոնք պատասխանատու են նախագահական ընտրութիւն չկատարելու երեւոյթին:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա ճնշում կը բանեցնէ Զապատանիի մէջ գտնուող զինեալներուն դէմ, որպէսզի անոնք փախուստ տան այդ շրջաններէն: Նոյն աղբիւրին համաձայն, Հըզպալլա եւ սուրիական բանակը Քալամունի մէջ քանդած են զինեալներուն վերաբերող երեք զրահապատներ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի ընդգծեց, որ իր կարծիքով, աղբերու կուտակման տագնապին լուծումը կարելի պիտի ըլլայ յաջորդ 48 ժամուան ընթացքին:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակին կողմէ ձերբակալուած Մայսամ Մունիր Նահլաուիի ղեկավարած ահաբեկչական ցանցը կը նկատուի բացայայտուած ահաբեկչական ցանցերէն ամէնէն վտանգաւորը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի հրաժարականը կը ջնջէ խորհրդարանին կողմէ օրէնսդրական արտակարգ նստաշրջանի մը սկսելու կարելիութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր կոչ ուղղեց արագացնելու հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը` կանոնաւորելու համար երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն Հըզպալլա եւ անոր դաշնակիցները չեն փափաքիր սառեցնել կառավարութեան աշխատանքը:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է լիբանանցիներուն ծառայէ եւ անոնց հարցերը լուծէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի նկատմամբ ցուցաբերուած ընդունելութիւնը բարեկամութեան ցուցանիշ է:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեհ Հըննաուի ընդգծեց, որ նախագահական ընտրութիւնը իսկական անցքն է` լուծելու լիբանանեան բոլոր տագնապները:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա արգելակած է աղբերու տագնապի լուծման առումով կենսոլորտի նախագահ Մոհամետ Մաշնուքի ծրագիրը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ իրենք բոլոր միջոցներով պիտի դիմադրեն աղբերը Աքքար փոխադրելու ծրագիրին: «Թող կենսոլորտի նախարարը կրէ թափուելիք արեան պատասխանատուութիւնը», ըսաւ ան:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ քաղաքապետ Պիլալ Համատ յայտնեց, որ աղբերու տագնապին լուծման հարցով իրենք իրենց գրաւը դրած են քաղաքական խորհրդակցութիւններուն վրայ:

ՔԱԹԱՐԵԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան մուտք գործած է նոր հանգրուան մը, որուն հիմքը երկրին մէջ տիրող նախկին իրավիճակին երկարաձգումն է:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ իրենք կառավարութեան երեքշաբթի օրուան նիստին ընթացքին անել կացութեան պիտի մատնուին:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին ինք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի նախարարներուն յիշեցուցած է, թէ անոնք նախապէս հարուածած են վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի օրով գործող կառավարութեան համագործակցութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ կոչ ուղղեց կառավարութեան, որ բարգաւաճման ծրագիրներու գործադրութեան առումով Աքքարի նկատմամբ արդար ըլլայ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ընդհանուր գործավար Փիեռ Ռաֆֆուլ հաստատեց, որ ամիս մը ետք արեւելեան լեռնաշղթայի պատերազմը պիտի աւարտի սուրիական բանակին եւ Դիմադրութեան ջախջախիչ յաղթանակով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ կառավարութեան տապալումը հետեւանք է անոր կազմութեան օրէն սկսեալ անոր վարուելակերպին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին ապահովական կառոյցներու պետերուն նշանակումը, սակայն նոյնքան եւ աւելի կը փափաքին ապահովական կառոյցներու պետերուն պաշտօնները թափուր չպահել:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի շեշտեց, որ մօտիկ ապագային արձանագրուելիք դէպքերը Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ պիտի պարտադրեն ահաբեկչութեան վտանգները զգալու պարտաւորութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Իրան կը խոչընդոտէ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը, իսկ այդ հարցին լուծումը կը կայանայ երկրին սահմանադրութեան կառչած մնալուն մէջ:

 

 

 

Նախորդը

ՔԱԿ Յայտարարեց Թուրքիոյ Հետ Միակողմանի Զինադադարի Աւարտը

Յաջորդը

Զօր. Աուն. «Արսալը Վերածուած Է Հաւատադրժողական Խմբաւորումներու Զինեալներուն Խարիսխին»

RelatedPosts

Պարպրա Լիֆ Լիբանանցի Քաղաքական  Անձնաւորութիւններու Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Պարպրա Լիֆ Լիբանանցի Քաղաքական Անձնաւորութիւններու Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

Մարտ 25, 2023
Սլիմ – Զօր. Աուն Հանդիպում
Լիբանանեան

Սլիմ – Զօր. Աուն Հանդիպում

Մարտ 25, 2023
Միքաթի Շարունակեց Քննարկել  Լիբանանեան Համալսարանի Թղթածրարը
Լիբանանեան

Միքաթի Շարունակեց Քննարկել Լիբանանեան Համալսարանի Թղթածրարը

Մարտ 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In