Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահմանադրական Ու Քաղաքական Տագնապ Մը Կանխելու Համար. Վաղուան Նիստը Պիտի Վճռէ Կառավարութեան Ճակատագիրը

Յուլիս 29, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սամիր Ժահժահ - Մուքպել
Սամիր Ժահժահ – Մուքպել

Աղբակոյտերու թնճուկի հետեւանքները չհարթուած, բոլորին հայեացքները սեւեռած են նախարարաց խորհուրդի յառաջիկայ նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` հինգշաբթի, երբ քննարկման սեղանին վրայ պիտի դրուին ժողովրդային հրատապ անմիջական հարցերը: Արդարեւ, վարչապետ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներու համաձայն, ան այս նիստին պիտի արծարծէ եւ վճռէ աղբակոյտերու եւ առհասարակ ժողովուրդի անմիջական կարիքներուն առնչուող հարցերը: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, Սալամ վճռած է ընդհատել եւ անորոշ թուականով առկախել նիստը, եթէ նախարարները չհամաձայնին այս գծով: Մինչդեռ այլ աղբիւրներու կարծիքով, Սալամի հրաժարականը սերտօրէն կ՛առնչուի զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու պաշտօնավարութեան երկարաձգման կամ «նորերու» նշանակման գծով ծագած քաղաքական բանավէճին: Հոսկէ` վաղուան նիստին կարեւորութիւնը, որ անկիւնադարձային կը նկատուի ըստ նախարար Պութրոս Հարպի եւ պիտի վճռէ կառավարութեան ճակատագիրը: Այս կեցուածքը առաւել եւս կը շեշտուի այն տեղեկութիւններուն լոյսին տակ, ըստ որոնց, վարչապետ Սալամ վճռած է համբերել ու տոկալ, պայմանաւ որ կառավարութեան աշխատանքը խափանելու փորձեր չկատարուին:

Այս ծիրին մէջ միջնորդական խաղաղարար ճիգերն ու Սալամի զօրակցական կեցուածքները շարունակուեցան երէկ: Արդարեւ, քաղաքական գլխաւոր տագնապ նկատուող նախագահական թնճուկին գծով Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի երկուշաբթի օրուան զօրակցական հաղորդակցութիւնը վարչապետ Սալամի հետ, գլխաւոր խթան էր յետս կոչելու Սալամի հրաժարման «պատրոյգ»-ը, որ կրնար բռնկեցնել կառավարութիւնը: Այս գծով ծագումով լիբանանցի, ֆրանսաբնակ լրագրող-մեկնաբան Ռանտա Թաքիէտտին կը յայտնէ, որ Ֆրանսայի նախագահը կապ պահած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ, առ այդ արտաքին գործոց նախարար Ռոլան Ֆապիւս մօտերս պիտի այցելէ Իրան, ուր արծարծուելիք հիմնահարցերուն կողքին է «լիբանանեան թղթածրարը»: Ըստ Թաքիէտտինի, Իրանի դրական տրամադրութեանց եւ Լիբանանի իր բարեկամներուն վրայ ճնշելու պատրաստակամութեան լոյսին տակ, Ֆրանսայի նախագահը պիտի այցելէ Լիբանան` նախագահական ընտրութեան հարցի լուծման միտումով:

Նոյն ծիրին մէջ, պաշտպանութեան նախարար, փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել կը փորձէ իր կարգին հարթել Սալամի հրաժարման տուն տուող քաղաքական թնճուկը` անջատ խորհրդակցութիւններու ձեռնարկելով երկրին քաղաքական ղեկավարներուն հետ: Արդարեւ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ իր ունեցած հանդիպումներէն ետք, ան երէկ այցելեց Մաարապ, ապա` Սայֆի, ուր խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ: Այս գծով Մուքպել յստակացուց, թէ ըստ սահմանադրութեան տրամադրութեանց, վարչապետը նախարարաց խորհուրդի նիստին կ՛արծարծէ եւ կ՛առաջարկէ նշանակելի զինուորականներու անուններ, որոնց գծով համախոհութիւն չգոյանալու պարագային, պաշտպանութեան նախարարը կրնայ առաջարկել նոր անուններ եւ կամ դիմել պահեստի բարձրաստիճան սպաներու:

Միւս կողմէ, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի երէկ ֆիթրի տօնին առիթով շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ վարչապետ Սալամի: Ան վերահաստատեց Սէուտական Արաբիոյ զօրակցութիւնը Լիբանանին եւ անոր սահմանադրական հաստատութեանց պահպանման: Այս առիթով սէուտցի դեսպանը բարձր գնահատեց վարչապետ Սալամի ճիգերը` հարցերու լուծման եւ խոչընդոտներու հարթումի իր նախանձախնդրութեան գծով:

Տարակարծիք կողմերու կեցուածքներուն լոյսին տակ, նախարարաց խորհուրդի վաղուան նստը կը թուի վճռական ըլլալ` կառավարութեան ճակատագիրի տնօրինման գծով:

 

 

 

Նախորդը

Պաղեստինեան Հարցին Ի Նպաստ Համագումարին Առիթով` Սէյիտ Նասրալլա Կոչ Ուղղեց Վերընթերցելու Դիմադրութեան Փորձառութիւնը

Յաջորդը

Հակառակ «Աղբակոյտերու Մասնակիօրէն Վերացման. Ժողովրդային Բողոքի Ելոյթները Շարունակուեցան

RelatedPosts

Պքէրքէի Մէջ Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Ռայի Պատրիարքին Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Պքէրքէի Մէջ Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Ռայի Պատրիարքին Միջեւ

Մարտ 23, 2023
Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերու  Նիստը Քննարկեց Ելեւմտական Մարզին  Վերաբերող Հարցեր
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերու Նիստը Քննարկեց Ելեւմտական Մարզին Վերաբերող Հարցեր

Մարտ 23, 2023
Պքերքէի Մէջ. «Հոգեւոր Առանձնացումի Եւ Աղօթքի  Հրաւէրը Անկախ Է Եւ Ռայի Պատրիարքին  Քաղաքական Նախաձեռնութեան Հետ Չէ Առնչուած»   Շեշտեց Սայեղ
Լիբանանեան

Պքերքէի Մէջ. «Հոգեւոր Առանձնացումի Եւ Աղօթքի Հրաւէրը Անկախ Է Եւ Ռայի Պատրիարքին Քաղաքական Նախաձեռնութեան Հետ Չէ Առնչուած» Շեշտեց Սայեղ

Մարտ 23, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In