Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Լուծման Գծով Շարունակուող Քուլիսային Խորհրդակցութիւններուն`. Աղբերու «Ցունամի»-ն Զօրաշարժի Կը Մատնէ Լիբանանը Բոլոր Մակարդակներու Վրայ

July 28, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-27-15_aghp-1

Շաբաթէ մը ի վեր լիբանանցիք կ՛ապրին կենսոլորտային ոչ նախանձելի պայմաններու մէջ` երկրի զանազան շրջաններուն մէջ կուտակուած աղբերու երեւոյթին եւ անոր հետեւանքներուն լոյսին տակ: Յատկապէս մայրաքաղաք Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ օրըստօրէ բազմացող աղբակոյտերու պատկերը վտանգաւոր «ցունամի»-ի նման կ՛ողողէ Լիբանանը, զօրաշարժի մատնելով Լիբանանը պետական, պաշտօնական թէ ժողովրդային մակարդակներու վրայ:

7-27-15_aghp-2

Այս մթնոլորտը կը զուգադիպի քաղաքական այլ, բայց նոյնքան վտանգաւոր ու լուրջ թնճուկի մը նախաքայլին, որ պարզուեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հրաժարման հաւանականութեան լուրերուն լոյսին տակ:

Պաշտօնական Մակարդակի Վրայ Կեցուածքներ
Եւ Արձագանգներ

7-27-15_aghp-3

Աղբակոյտերու հարցի հետապնդման ենթայանձնախումբը երէկ երեկոյեան երկրորդ նիստ մը գումարեց վարչապետարանին մէջ` փորձելով եթէ ոչ արմատական, գէթ անմիջական լուծումներու մասին որոշումներու եւ քայլերու ձեռնարկել:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք քուլիսային թէ բացայայտ հանդիպումներու եւ խորհրդակցութիւններու ձեռնարկեց` փորձելով «հանդարտեցնել փողոց»-ը եւ խոստանալով շուտափոյթ լուծում գտնել: Անոր ճիգերուն արգասիքն էր` Պէյրութ-Հարաւ մայրուղիի վերաբացումը Ժիէի մէջ: Երէկ ամբողջ օրուան տեւողութեան նախարար Մաշնուք մագոգային հանդիպումներու ձեռնարկեց պատկան կողմերուն հետ եւ աշխատանքային նիստեր գումարեց մէկէ աւելի նախարարութեանց պատասխանատուներուն հետ:

Ալի Հուժէյրի
Ալի Հուժէյրի

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր զգուշացուց տիրող կենսոլորտային ապառողջ մթնոլորտէն` կոչ ուղղելով քաղաքացիներուն չհրկիզելու աղբակոյտերը, կանխարգիլելու եւ խուսափելու համար առողջապահական թէ կենսոլորտային վտանգաւոր  հետեւանքներէ:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ կոչ ուղղեց քողազերծելու եւ հրապարակելու «Սուքլին»-ի եւ անոր «տէրերուն» դրամատնային հաշիւները` պարզելու համար այս հարցին ետին կանգնող «պատասխանատու» կողմերը, որոնք կ՛օգտուին այս տագնապին բարդացումէն:

Փոխադրութեան եւ հանրօգուտ աշխատանքներու նախարար Ղազի Զաայթեր կոչ ուղղեց «պատկան կողմերուն» եւ քաղաքապետութեանց` օդակայանի մերձակայքը ամբարուած աղբակոյտերը վերադարձնելու հոն, ուրկէ բերուած էին: Ան յատկապէս կ՛ակնարկէր Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն եւ Շուէյֆաթի քաղաքապետութեանց: Ան ընդգծեց օդանաւորդութեան երթեւեկի անվտանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

Նախկին նախարար Թալալ Արսլան մամլոյ ասուլիս մը տալով կտրուկ կերպով մերժեց աղբակոյտերը Նաամէի մէջ ամբարելու միտումներն ու փորձերը` շեշտելով, որ Խալտէի եւ Շուէյֆաթի շրջանները կարմիր գիծ են:

Արսալի քաղաքապետ Ալի Հուժէյրի պատրաստակամութիւն յայտնեց աղբակոյտերը «հիւրընկալելու»  Արսալի բարձունքները, ուր «ո՛չ կանաչեղէնի ցանք, ո՛չ ալ բնակիչ կայ»: Սակայն կարգ մը աղբիւրներ անոր այս «նախաձեռնութիւնը» նկատեցին իբրեւ փորձ` «մաքրելու եւ ճերմկցնելու իր անձնական թղթածրարը` յաչս հանրային կարծիքին»: Նաեւ` այս «առաջարկը» գործնական չնկատուեցաւ` նկատի ունենալով անոր բազմածախս ըլլալը:

Ժողովրդային  Մակարդակի  Վրայ

Շաբաթասկիզբի առաւօտեան ժամերէն լիբանանցիք «իջան» փողոց` շարունակելով շաբաթավերջի իրենց բողոքի ելոյթները եւ արգիլելով աղբակոյտերու իրենց շրջաններուն մէջ հաւաքն ու ամբարումը: Այս ծիրին մէջ անոնք փակեցին Ժիէի մայրուղին` սաստկացնելով երթեւեկի առանց այդ ալ ահռելի խճողումը: Ցուցարարներու այլ խումբ մը համախմբուեցաւ վարչապետարանին առջեւ` կոչ ուղղելով  ղեկավար պատկան կողմերուն` տէր կանգնելու իրենց պատասխանատուութեան եւ կամ տուն երթալու:

Դարձեալ երեկոյեան, Պշարա Խուրի-Սոտեքօ  մայրուղիին վրայ խումբ մը երիտասարդ ցուցարարներ աղբակոյտերով փորձեցին փակել ճամբան: Նման շարժումներ արձանագրուեցան նաեւ Ռինկի կամուրջին եւ Սելիմ Սալամ կամուրջին վրայ: Ապահովական ուժեր փութացին նշեալ վայրերը եւ վերաբացին ճամբաները:

Մինչ այդ լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ շարունակուեցաւ աղբակոյտերու հրկիզումը` առաւել եւս հեղձուցիչ դարձնելով տիրող կենսոլորտային անհրապոյր մթնոլորտը եւ սպառնալով բնակիչներու առողջութեան:

Աւելի ուշ, յետմիջօրէին եւ երեկոյեան ցուցարար երիտասարդներ աղբի տոպրակներ արձակեցին վարչապետարանին եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի բնակարանին ուղղութեամբ` Մսայթպէի մէջ, ինչ որ բանակն ու ներքին ապահովական  ուժերը մղեց համախմբուելու շրջանին մէջ եւ յատկապէս` Սալամի բնակարանին շուրջ: Ցուցարարներու այլ խումբ մը կոչ ուղղեց վարչապետ Սալամին հրաժարելու:

«Հոտերնիդ ելաւ» քաղաքացիական շարժումը կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն այսօր համախմբուելու վարչապետարանին առջեւ` կառավարութենէն պահանջելու համար շուտափոյթ լուծում մը գտնել աղբերու տագնապին: Նստացոյցը պիտի զուգադիպի կառավարութեան նիստին` առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

Հիւսիսային Լիբանանի յատկապէս Աքքարի շրջանին մէջ ցուցարարներ որոշ ատենով փակեցին գլխաւոր ճամբաներն ու շրջանի մայրուղին` կանխարգիլելով աղբակոյտերու ամբարումը իրենց շրջանին մէջ:

Երեկոյեան ուշ ժամերուն երկու ինքնաշարժներ այրեցան, երբ ցուցարարներ աղբակոյտեր հրկիզեցին եւ ճամբաները փակեցին Քարաքոլ Տրուզ-Հաուտ էլ Ուիլայէ շրջանին մէջ: Հաղորդուեցաւ, թէ կարգ մը քաղաքացիներ շնչահեղձ եղած են աղբակոյտերու հրկիզման արձակած ծուխերուն պատճառով:

Աղբակոյտերու հարցի հետապնդման նախարարական ենթայանձնախումբի նիստին աւարտին կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք յայտարարեց, որ ցուցմունքներ տրուած են անմիջապէս գործի լծուելու եւ թաղամասերէն հաւաքելու աղբակոյտերը եւ զանոնք հաւասարապէս ցրուելու այլ շրջաններու նորահաստատ աղբամաններուն մէջ: Առաջին հանգրուանին «Սուքլին»-ի բեռնակառքերը պիտի վերսկսին զանոնք հաւաքել մայրաքաղաքի թաղամասերէն:

Մինչ այդ հաղորդուեցաւ, որ «Ժիհատ» ընկերութեան բեռնակառքեր սկսած են ուղղուիլ Սըպլինի ուղղութեամբ: Նշենք, որ երեսփոխան Ժոմպլաթ յայտարարած էր «ՍԻ.ՍԻ.ՍԻ» ընկերութեան մէկ կեդրոնին մէջ աղբակոյտերու ամբարման հաւանականութեան մասին` գէթ երեք ամսուան համար: Սակայն ուշ գիշերին Ժիէի եւ մերձակայ շրջաններու բնակիչներ դարձեալ փողոց իջան` իբրեւ բողոք աղբերը իրենց շրջանին մէջ ամբարելու քայլին դէմ:

 

Նախորդը

Քաղաքական Լուրջ Տագնապի Մը Ազդանշանը Դրսեւորելով` Վարչապետ Թամմամ Սալամի Հրաժարականին Մասին Խօսակցութիւնները Աւելի Յաճախակի Կը Դառնան

Յաջորդը

Ալիեւ. «Պէտք Է Մերկացնենք Հայկական Քարոզչութիւնը»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.