Լիբանանեան

Քրիստոնեայ Համախմբումի Այցելութիւնը ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէին

Քրիստոնեայ Համախմբումի Այցելութիւնը ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէին

Լուսանկարը` ԴԱԼԱՐ ԱԼԻԵՄԷԶԵԱՆի Քրիստոնեայ համախմբումի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, նախկին նախարար Սելիմ Ժըրէյսաթի, Ասորիներու Լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ եւ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Ապտալլա Պու Հապիպ, այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան: Աւելի քան մէկ ժամ երկարող հանդիպումին...

Կառավարութիւնը Երեքշաբթի Օր Պիտի Գումարէ  Նիստ Մը` Շարունակելու Համար Իր Գործելաոճին  Եւ Աղբերու Տագնապին Քննարկումը

Կառավարութիւնը Երեքշաբթի Օր Պիտի Գումարէ Նիստ Մը` Շարունակելու Համար Իր Գործելաոճին Եւ Աղբերու Տագնապին Քննարկումը

Կառավարութեան նիստէն պահ մը Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի: Նիստէն բացակայեցաւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք: Նիստին սկիզբը վարչապետ Սալամ պահանջեց նախագահական ընտրութիւն կատարել, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին հարցերուն ու սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքներուն արագ լուծումներ տրամադրել: Վարչապետ Սալամ իր եւ կառավարութեան անունով լիբանանցիներէն ներում հայցեց նախարարաց խորհուրդի նախորդ նիստին ընթացքին արձանագրուած բանավէճին համար,...

Զօր. Աուն Ընդունեց Ռիաշին

Զօր. Աուն Ընդունեց Ռիաշին

Զօր. Աուն եւ Ռիաշի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշին, որ գործուղուած էր Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան: Ռիաշի զօր. Աունին փոխանցեց Ժահժահի Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութեան արդիւնքները:  

Նախարար Մաշնուքի Ֆրանսա Կատարած  Պաշտօնական Այցելութիւնը

Նախարար Մաշնուքի Ֆրանսա Կատարած Պաշտօնական Այցելութիւնը

Մաշնուք եւ Քազանով Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, որ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուէր Ֆրանսա, նախանցեալ օր Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին` Պեռնար Քազանովի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Մաշնուքին ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախագահ գնդապետ-զօրավար Իմատ Օսման եւ Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդի...

Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Ահաբեկիչներուն  Թիւը Երկու Երրորդով Նուազած Է

Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Ահաբեկիչներուն Թիւը Երկու Երրորդով Նուազած Է

«Շարք Աուսաթ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող զինեալները փախուստ կու տան ծպտուելով եւ տիրանալով լիբանանեան թէ սուրիական կեղծ անձնաթուղթերու: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, ահաբեկիչները Արսալէն փախուստ կու տան հիմնական երկու ճամբաներով: Անոնցմէ առաջին ճամբան ունի հետեւեալ ուղղութիւնը` Ժուսիէ-Հըսիէ-Պատիաթ Շամ-Ռաքքա եւ ապա Թուրքիա կամ Իրաք տանող ճամբան: Իսկ երկրորդ ճամբուն պարագային, մեծաւ մասամբ կ՛առաջնորդուի...

Ժահժահ. «Կոչ Կ՛ուղղենք Ընտրելու Նախագահ Մը,  Որ Պիտի Տկարացնէ Հըզպալլան»

Ժահժահ. «Կոչ Կ՛ուղղենք Ընտրելու Նախագահ Մը, Որ Պիտի Տկարացնէ Հըզպալլան»

Սամիր Ժահժահ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա իր կատարած այցելութեան ընթացքին քննարկուած են արաբական երկիրները յուզող շարք մը հարցեր, յատկապէս Իրաքի, Սուրիոյ, Սինայի, Եմէնի եւ Լիպիոյ վերաբերող: Ան շեշտեց, որ իր կատարած այցելութեան նպատակն էր ծանօթանալ Սէուտական Արաբիոյ նոր ղեկավարութեան: Ժահժահ հաստատեց, որ ՏԱՀԵՇ երբեք վտանգ չի սպառնար Լիբանանին, որովհետեւ ամբողջ Լիբանանը...

Պասիլ Ընդունեց  Իր Սերպ Պաշտօնակիցը

Պասիլ Ընդունեց Իր Սերպ Պաշտօնակիցը

Տաչիչ եւ Պասիլ Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ նախանցեալ օր Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց իր սերպ պաշտօնակիցը` Իվիցա Տաչիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ եւ Տաչիչ ստորագրեցին դիւանագիտական անցագիր կրողներուն պարագային այցեգիրի դրութիւնը ջնջելու համաձայնագիր մը: Մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած հիմնական...

Միւֆթիներու Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ  Սահմանադրական Հաստատութիւններուն  Աշխատանքը Վերաշխուժացնելու

Միւֆթիներու Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ Սահմանադրական Հաստատութիւններուն Աշխատանքը Վերաշխուժացնելու

Միւֆթիներու խորհուրդը երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի: Միւֆթիներու խորհուրդին նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ Տար Ֆաթուա կարեւորութեամբ կը քննարկէ ազգային բարդ թղթածրարները, մասնաւորապէս անոնք, որոնք կը սպառնան լիբանանցի քաղաքացիներուն առօրեային եւ կայունութեան: «Միւֆթիներու խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը վերաշխուժացնելու, հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն կատարելու, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին եւ կառավարութեան աշխատանքներուն...

«Քրիստոնեաները Կառչած Պիտի Մնան  Իրենց Հողին, Ի՛նչ Ալ Ըլլան  Դժուարութիւնները»  Շեշտեց Եազիժի Պատրիարքը

«Քրիստոնեաները Կառչած Պիտի Մնան Իրենց Հողին, Ի՛նչ Ալ Ըլլան Դժուարութիւնները» Շեշտեց Եազիժի Պատրիարքը

Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Անտիոքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ թեմերու ներկայացուցիչ եպիսկոպոսներուն եւ քահանաներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին Եազիժի պատրիարքը հաստատեց, որ ի՛նչ ալ ըլլան դժուարութիւնները, քրիստոնեաները կառչած պիտի մնան իրենց հողին: «Յիսուս Քրիստոսի դիմագիծը անկարելի է, որ հեռանայ Արեւելքէն, ուր այս օրերուս կը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ անդրադառնալով աղբերու կուտակման հարցին, յայտնեց, որ քաղաքական անձնաւորութիւնները որեւէ լուծումի հետ հարց ունին, սակայն անոնք նաեւ ոչ մէկ հարցի լուծում ունին: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր յայտնեց, որ աղբերու պատկերը լիբանանեան փտած պետութեան իսկական պատկերն է: ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրի...

Վարչապետ Սալամ Այսօր Կը Նախագահէ  Կառավարութեան Նիստին

Վարչապետ Սալամ Այսօր Կը Նախագահէ Կառավարութեան Նիստին

Ալի Հասան Խալիլ եւ վարչապետ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ այսօր պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին սկզբունքով պիտի քննարկուի կառավարութեան գործելաոճը: Կը նախատեսուի, որ օրակարգէ դուրս քննարկուի նաեւ հրատապ լուծման կարիքը ունեցող աղբերու կուտակումի թղթածրարը: Նշենք, որ երէկ վարչապետարանին մէջ Սալամ ընդունեց Պէյրութի երեսփոխաններուն մէկ պատուիրակութիւնը, որուն անունով երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ քննարկուած է աղբերու կուտակման հարցն ու երկրին...

Մուքպել Ընդունեց Ֆլեչըրը

Մուքպել Ընդունեց Ֆլեչըրը

Մուքպել - Ֆլեչըր հանդիպումէն պահ մը Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Ֆլեչըր շեշտեց, որ Բրիտանիա ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ օժանդակելու համար լիբանանեան բանակին եւ հզօրացնելու զայն, որպէսզի ան կարենայ դէմ դնել առկայ մարտահրաւէրներուն: Ֆլեչըր ընդգծեց,...

«Աղբերու Կուտակման Տագնապը Ճնշում  Բանեցնելու Խաղաքարտ Մըն Է, Որպէսզի Ընդունինք  «Սուքլին»-ի Աշխատանքին Երկարաձգումը»  Շեշտեց Սամի Ժեմայէլ

«Աղբերու Կուտակման Տագնապը Ճնշում Բանեցնելու Խաղաքարտ Մըն Է, Որպէսզի Ընդունինք «Սուքլին»-ի Աշխատանքին Երկարաձգումը» Շեշտեց Սամի Ժեմայէլ

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ Սայֆիի մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին ան անդրադարձաւ աղբերու կուտակման հարցին: Ժեմայէլ ըսաւ, որ աղբերու թղթածրարը շահաբեր թղթածրար մըն է` աւելցնելով, որ «Սուքլին» ընկերութիւնը աւելի քան քսան տարիէ ի վեր միլիոնաւոր տոլարներու հասնող շահեր կ՛ապահովէ` լիբանանցիներուն եւ քաղաքապետարաններուն հաշուոյն: Ժեմայէլ նշեց, որ իննսունական թուականներէն մինչեւ օրս «Սուքլին»-ի աշխատանքին երկարաձգումը կը նշանակէ,...

Զօր. Սլէյման Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ունեցաւ Վարչապետին Հետ

Զօր. Սլէյման եւ Գերմանիոյ դեսպանը Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ, որուն յայտնեց, թէ «կենսոլորտային ձեռնառումբ»-ը մէկ շրջանէն միւսը եւ մէկ աղբանոցէն միւսը նետելու փորձերը պիտի բարդացնէ աղբերու կուտակումին հարցը, առանց այդ իմաստով լուծումի մը յանգելու: Սլէյման ցաւ յայտնեց Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին համար: «Ցաւալի է, որ Լիբանան հասնող զբօսաշրջիկները  փողոցներուն...

Միացեալ Նահանգներ Տնտեսական  Պատժամիջոցներու  Կ՛ենթարկեն Հըզպալլայի Պատասխանատուներ  Եւ Լիբանանցի Գործարարներ

Միացեալ Նահանգներ Տնտեսական Պատժամիջոցներու Կ՛ենթարկեն Հըզպալլայի Պատասխանատուներ Եւ Լիբանանցի Գործարարներ

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը երէկ պաշտօնապէս յայտնեց, որ տնտեսական պատժամիջոցներ որդեգրած է Հըզպալլայի պատասխանատուներու եւ լիբանանցի գործարարներու դէմ, անոնց կողմէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին նկատմամբ ցուցաբերուած զինուորական օժանդակութեան մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունենալու պատճառով: Ըստ նախարարութեան, Հըզպալլայի պատասխանատուներն են Մուսթաֆա Պատրէտտին, Իպրահիմ Աքիլ եւ Ֆուատ Շըքըր, ինչպէս նաեւ լիբանանցի գործարար Ապտել Նուր Շաալան:  

Սուրիական Բանակն Ու Հըզպալլան  Իրենց Ամբողջական Հակակշիռին  Տակ Առին Զապատանիի Հովիտը

Սուրիական Բանակն Ու Հըզպալլան Իրենց Ամբողջական Հակակշիռին Տակ Առին Զապատանիի Հովիտը

Սուրիական բանակն ու Հըզպալլայի մարտիկները իրենց ամբողջական հակակշիռին տակ առին Զապատանիի հովիտը, որ 10 քառ. քմ տարածութիւն ունի: Այդպիսով, անոնք կրցան զինեալներուն շարժումները սահմանափակել դէպի Պլուտան եւ Մատայա, շնորհիւ իրենց պարտադրած շրջափակումին: Նշենք, որ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւնները, թէ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները իրենց հակակշիռը բանեցուցած են Քուսայրի զուգահեռ Նաայմաթի բարձունքներուն վրայ:  

Ժոմպլաթ. «Եթէ Իրան Չօժանդակէ Նախագահական  Ընտրութեան Հոլովոյթին, Ապա Ան Կը Փափաքի  Փոփոխութեան Ենթարկել Թաէֆը»

Ժոմպլաթ. «Եթէ Իրան Չօժանդակէ Նախագահական Ընտրութեան Հոլովոյթին, Ապա Ան Կը Փափաքի Փոփոխութեան Ենթարկել Թաէֆը»

Ուալիտ Ժոմպլաթ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Փարիզէն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ շեշտեց, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս Իրան կատարելիք իր այցելութեան ընթացքին նախագահական ընտրութեան հարցը պիտի քննարկէ: «Այս իմաստով պէտք է սպասել իրանեան հակազդեցութեան: Եթէ Թեհրան դիւրացնէ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը, ապա ան բարի մօտեցում ցուցաբերած կ՛ըլլայ եւ կարելի կ՛ըլլայ համախոհական թեկնածուի մը շուրջ համաձայնիլ: Իսկ...

Ռաատ. «Երկիրը Պաշտպանելու Նպատակով`  Դիմադրութիւնը Պիտի Շարունակէ Իր Ազգային  Եւ Մարդկային Պարտականութիւնը»

Ռաատ. «Երկիրը Պաշտպանելու Նպատակով` Դիմադրութիւնը Պիտի Շարունակէ Իր Ազգային Եւ Մարդկային Պարտականութիւնը»

Մոհամետ Ռաատ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի լուրջ վտանգներու ու մարտահրաւէրներու դիմաց եւ ան պէտք է պահպանէ իր գերիշխանութիւնն ու ինքնութիւնը: «Երկիրը եւ քաղաքացիները պաշտպանելու նպատակով` Դիմադրութիւնը պիտի շարունակէ իր ազգային եւ մարդկային պարտականութիւնը», ըսաւ ան` հարց տալով, որ Լիբանանի կառավարութիւնները ի՞նչ կատարեցին հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն դէմ պայքարելու իմաստով: Ռաատ ընդգծեց, որ իրենք Քալամունի...

Ուահապ. «Մարտ 8-ի Քաղաքական Ուժերը  Նախագահական Ընտրութեան  Երեք Թեկնածու Ունին»

Ուահապ. «Մարտ 8-ի Քաղաքական Ուժերը Նախագահական Ընտրութեան Երեք Թեկնածու Ունին»

Ուիամ Ուահապ Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շատ լուրջ էր Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ իր համաձայնութեան մէջ: Ան հարցականի տակ առաւ սակայն, որ արդեօք Սէուտական Արաբիայէն վերադարձէն ետք Ժահժահ նոյնքան լրջութեամբ պիտի շարունակէ՞ զօր. Աունի հետ խորհրդակցութիւնները: Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան` Ուահապ շեշտեց, որ մօտիկ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի շեշտեց, որ բանակը անշեղ կը մնայ Լիբանանի միասնականութիւնը եւ լիբանանցիներուն համերաշխութիւնը պահպանելու իր ազգային դերակատարութենէն: ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած են, թէ աղբերուն թղթածրարին քննարկումը անյետաձգելի է եւ անյապաղ լուծման կը կարօտի: ՊԷՅՐՈՒԹԻ քաղաքապետ Պիլալ Համատ շեշտեց, որ նախքան ապահովական կառոյցներու պետերու նշանակում կատարելը, կառավարութիւնը կոչուած է լուծելու աղբերուն տագնապը:...

Page 921 of 985 1 … 920 921 922 … 985

Արխիւներ