
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ֆաթհալի շեշտեց, որ վարչապետ Սալամին ներկայացուցած է Իրանի հիւլէականի ծրագիրին շուրջ գոյացած համաձայնութեան մանրամասնութիւնները եւ փափաք յայտնած, որ այդ համաձայնագիրը իր դրական ազդեցութիւնը ունենայ ամբողջ շրջանին վրայ:
Ֆաթհալի շեշտեց, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւնը ամբողջ շրջանին տրամադրութեան տակ կը գտնուի եւ յոյս յայտնեց, որ շրջանի երկիրներն ու պետութիւնները ամէն ջանք ի գործ դնեն պայքարելու համար ահաբեկչութեան, ինչպէս նաեւ շրջանին վտանգ սպառնացող միացեալ թշնամիին դէմ:
Իրանի դեսպանը հաստատեց, որ շրջանին սպառնացող գլխաւոր թշնամիներն են Իսրայէլն ու հաւատադրժողական ահաբեկչութեան հոսանքը:
Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ գաղթականներու հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի, որ հանդիպումէն ետք ընդգծեց, թէ Լիբանանի դիմագրաւած բոլոր հարցերը լուծումներ ունին, սակայն կայ որոշումներ տալու հոլովոյթը մերժող քաղաքական կողմ մը, որուն համար կառավարութեան գործելաոճին քննարկումը յստակ է:
Վարչապետարանին այցելուներէն եղան նաեւ ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ:


