
Ժապաւէններու պատրաստութեան եւ արուեստի արտադրութեանց Պէյրութի միջազգային ընկերութիւնը վերջերս կազմակերպեց իֆթար մը, որուն հրաւիրուեցան ռամատան ամսուան ընթացքին «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած «Տարպ Եասմին» ֆիլմաշարին անձնակազմին անդամները:
Այս առիթով կատարուեցաւ յուշանուէրներու յանձնում բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին այդ ֆիլմաշարին յաջողութեան: Յուշանուէր ստացողներուն շարքին էր նաեւ «Վանայ ձայն»-ը, որուն յուշանուէրը ստանձնեց կայանի հաղորդավարներէն Հալա Հատտատ:


