Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Լուրջ Տագնապի Մը Ազդանշանը Դրսեւորելով` Վարչապետ Թամմամ Սալամի Հրաժարականին Մասին Խօսակցութիւնները Աւելի Յաճախակի Կը Դառնան

Յուլիս 28, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-27-15_Salam

Այն միջոցին, երբ երկիրը տարուած է իր աղբակոյտերու հոտերով ու ծուխերով, վարչապետ Թամմամ Սալամի հրաժարման  հաւանականութեան մասին անցնող 24 ժամերուն շրջան ընող լուրերը քաղաքական ազդանշան մը կը նկատուին կացութեան վատթարացման գծով` մէկէ աւելի մարզերու մէջ: Արդարեւ, երէկ յատկապէս  յետմիջօրէի ուշ ժամերուն տեղեկութիւններ շրջեցան Սալամի հրաժարման հաւանականութեան մասին: Տեղեկութիւնները աւելի լուրջ բնոյթ ստացան, երբ երեկոյեան դիմակաւորներ Սալամի բնակարանին առջեւ բողոքի ցոյց կազմակերպելով պահանջեցին անոր հրաժարումը:

Այս հարցը իր վրայ կեդրոնացուց տեղական եւ յատկապէս արտաքին շրջանակներու ուշադրութիւնը: Այս ծիրին մէջ, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետ Սալամի հետ` ցաւ յայտնելով երկրի նախագահական թափուր աթոռին համար եւ վերահաստատելով  Սալամի ու առհասարակ Լիբանանի նկատմամբ Ֆրանսայի զօրակցութիւնը: Նմանապէս, Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր դրուատեց վարչապետ Սալամի կառավարման արժանիքները` բարձր գնահատելով անոր ճիգերը երկրի հարցերուն լուծման ի խնդիր:

Նաեւ` Տեղական Մակարդակի Վրայ

Տեղական մակարդակի վրայ եւս թափ առին քուլիսային խորհրդակցութիւնները` փորձելով համոզել  Սալամը, որ շարունակէ իր առաքելութիւնը: Այս իմաստով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ձեռնարկեց միջնորդի խաղաղարար նախաձեռնութեան` Սալամին թելադրելով «մինչեւ տասը հաշուել»…

Նոյն ծիրին մէջ պաշտպանութեան նախարար, փոխվարչապետ, Սամիր Մուքպել երէկ անջատ այցելութիւններ տուաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ ապա` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի: Հանդիպումի աւարտին Մուքպել յայտնեց, որ ինք եւ երեսփոխան Աուն համակարծիք են նշանակումի հարցին գծով:

Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, վարչապետը վճռած է հրաժարիլ եւ կը սպասէ յարմար առիթին` յայտարարելու իր որոշումը: Այլ աղբիւրներ անցողակի ընդվզումի արտայայտութիւն կը նկատեն նման հաւանականութիւն մը` յոյս յայտնելով, որ յառաջիկայ ժամերու քուլիսային խաղաղարար խորհրդակցութիւնները կը յաջողին հարթել  այս հարցը եւս: Վարչապետը ընդվզած է շաբաթներէ, եթէ ոչ ամիսներէ ի վեր տիրող քաղաքական ոտնձգութեան փորձերէն, «որոնք կը միտին խանգարել կառավարութեան բնականոն գործունէութեան ընթացքը»: Փաստօրէն, ծանօթ է, որ վերջին շրջանին, նախագահական ընտրութեան տագնապին կողքին, պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ զինուորականներու պաշտօնավարութեան ժամանակի երկարաձգման, թէ «նորերու» նշանակման գծով սուր բանավէճ ծագած է քաղաքական կարգ մը կողմերու միջեւ:

Սահմանադրական դիտանկիւնէն մասնագէտներ անվաւեր նկատեցին նման հաւանականութիւն մը` տրուած ըլլալով, որ Սալամը իր պաշտօնին հրաւիրած հանրապետութեան նախագահի աթոռը թափուր է եւ հետեւաբար Սալամ պարտի իր հրաժարականը ներկայացնել հանրապետութեան նախագահին հանգամանքը դրսեւորող կամ ներկայացնող բարոյական աղբիւրին, ապա արձանագրել այս որոշումը դիւանակալական պատկան տոմարին մէջ:

Այսօրուան Նախարարաց Խորհուրդի Նիստը`
Վճռական

Այսօր առաւօտեան նախատեսուող նախարարաց խորհուրդի նիստը կը թուի վճռական ըլլալ այս հարցին գծով` տրուած ըլլալով, որ վարչապետը կը մերժէ այդ հարցերուն արծարծումը, նախքան երկրի  աղբակոյտերու հրատապ հարցին լուծումը: Այս իմաստով կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդի այսօրուան նիստը կապ չունի աղբակոյտերու հարցին հետ: Արդարեւ, կարգ մը աղբիւրներ հաւանական նկատեցին, որ վարչապետ Սալամ յետաձգէ կառավարութեան նիստը` առիթ տալով խաղաղարար խորհրդակցութիւններու արդիւնաւորման:

 

 

Նախորդը

«Սուեզի Նոր Ջրանցքը Եգիպտոսի Եւ Ամբողջ Աշխարհի Համար Մեծ Կարեւորութիւն Կը Ներկայացնէ» Կ՛ըսէ Շուքրի

Յաջորդը

Հակառակ Լուծման Գծով Շարունակուող Քուլիսային Խորհրդակցութիւններուն`. Աղբերու «Ցունամի»-ն Զօրաշարժի Կը Մատնէ Լիբանանը Բոլոր Մակարդակներու Վրայ

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?