Բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ այցելեց սպաննուած գնդապետ Ռապիհ Քահիլի ընտանիքին` իր ցաւակցութիւնները յայտնելու համար զինուորականի ընտանեկան պարագաներուն: Ան այս առիթով բարձր գնահատեց Քահիլի բարոյական եւ զինուորական արժանիքները` ընդգծելով, որ բանակը վճռած է հետապնդել անոր հարցը, մինչեւ յանցագործի ձերբակալումը:
Նոյն ծիրին մէջ, բանակային ուժեր երէկ խուզարկեցին յանցագործ Հիշամ Տաուի բնակարանը, ուր յայտնաբերեցին զանազան տիպի զէնքեր:
Միւս կողմէ, «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ յանցագործ Հիշամ Տաու ապաստանած է Լաթաքիա` սուրիացի գործատէր Ուահիպ Մըրհիի պաշտպանութեան տակ: