Հակառակ աւելի քան տասը օրերէ ի վեր երկիրը ողողող աղբակոյտերու մասնակիօրէն վերացման քայլերուն, բողոքի ելոյթները երէկ շարունակուեցան լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ` աղբակոյտերու հրկիզումով եւ ճամբաներու փակումով, ինչ որ երթեւեկի ահաւոր խճողում ստեղծեց: Արդարեւ, երէկ առաւօտեան ժամերէն իսկ ցուցարարներ, դժգոհ` նախարարաց խորհուրդի պատկան ենթայանձնախումբի որոշումներէն, փողոց իջան ու փակեցին մայրաքաղաքի թէ այլ շրջաններու ճամբաները: Ցուցարարները հաւկիթներ ու աղբով լեցուն տոպրակներ արձակեցին վարչապետարանին ուղղութեամբ եւ փակեցին կեդրոնական Պէյրութի յատկապէս դրամատուներու փողոցն ու դէպի կենսոլորտի նախարարութիւն տանող ճամբան: Անոնք գլխաւոր երեք «ոչ»-եր արձակեցին: «Ո՛չ» աղբերու ամբարումին բնակելի շրջաններու մէջ, «ո՛չ» աղբակոյտերու հրկիզումին եւ «ո՛չ» աղբերը ծովուն մէջ թափելուն:
Միջադէպ Նախարար Ռաշիտ Տըրպասի Հետ
Ճամբաներու փակման թոհուբոհին մէջ, պետական թիւ 19 կրող ինքնաշարժը փորձեց «շրջանցել» ցուցարարները եւ անպայման «կտրել» ճամբան, ինչ որ զայրացուց ցուցարարները, որոնք աղբերով եւ հաւկիթ արձակելով ընդդիմացան` «գող» կոչելով ինքնաշարժին մէջ նստած անձնաւորութիւնը, որ հետագային պարզուեցաւ, թէ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըպասն էր: Ան ճանչցած էր զինք «պաշարած» 15 երիտասարդներէն մէկը` Թարեք Մալլահը եւ դատական հայց յարուցած անոր դէմ: Աւելի ուշ, դատախազ Սամիր Համմուտի հրամանագիրով արգելափակուեցաւ Թարեք Մալլահը:
Այս գծով նախարար Տըրպաս ընդգծեց, թէ ինք «գող» չէ, այլ օրինապահ քաղաքացի է եւ իր 2008-ի ինքնաշարժը մասնավճարով գնած է: Ան դատապարտեց ցուցարարներու այդ կեցուածքը` ընդգծելով, որ անիկա ոչ միայն կը հարուածէ զինք, այլ նաեւ` պետութեան վարկը: Ան աւելցուց, որ աղբերը ցուցարարներէն մաքուր են եւ թէ անոնք ինքնաբուխ ցուցարարներ չեն, այլ` «կանխամտածուած ոճով շարժող խափանարարներ»:
Ահտապ Կը Հակադարձէ`
«Մալլահ Զիս Կը Ներկայացնէ»
Նախկին երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ երէկ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ հակադարձեց նախարար Ռաշիտ Տըրպասի յայտարարութեան` շեշտելով, որ «Տըրպաս» վստահաբար չի ներկայացներ քաղաքացիական ընկերութիւնը»: «Տըրպաս կը պաշտպանէ Լիբանանի այս փտած վարչակարգը եւ ան ամէնէն աւելի հեռու է քաղաքացիական ընկերութենէն: Արդարեւ, ի՛նք է, որ ծախեց իր բոլոր ընկերները, երբ սուրիական վարչակարգը Լիբանան մուտք գործեց: Ըստ ինծի, Թարեք Մալլահ զիս կը ներկայացնէ», ըսաւ ան:
Նոյն ծիրին մէջ, Լիբանանի երիտասարդական շարժումը կոչ ուղղեց անմիջապէս ազատ արձակելու Թարեք Մալլահը` «իբրեւ կարծիքի ազատութեան արտայայտութիւն եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութիւն, որոնք երաշխաւորուած են լիբանանեան սահմանադրութեամբ ու յարակից օրէնքներով»:
Միւս կողմէ, քաղաքական թէ պետական զանազան անձնաւորութիւններ դատապարտեցին նախարար Ռաշիտ Տըրպասի դէմ ցուցարարներուն վերաբերմունքը` վեր առնելով Տըրպասի բարոյական արժանիքներն ու աշխատանքին մէջ անոր գնահատելի վարկը:
Նախարարական Ենթայանձնախումբը
Կը Շարունակէ Իր Ճիգերը
Այս միջոցին, աղբակոյտերու հարցի լուծման հետեւող նախարարական ենթայանձնախումբը երէկ յետմիջօրէին շարունակեց իր խորհրդակցութիւնները` յարմարագոյն լուծման առաջադրանքով:
Ժողովի աւարտին, կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք յայտարարեց, որ ենթայանձնախումբը քննած է ցարդ առնուած քայլերը` վերահաստատելով երկուշաբթի օր տուած իր որոշումները եւ գոհունակութիւն յայտնելով հարցերու լուծման ընթացքին գծով: «Յաւելեալ կարգադրութիւններու գծով ցուցմունքներ կատարուած են Վերակառուցման եւ բարգաւաճումի խորհուրդի Գործողութեանց սենեակին», աւելցուց Մաշնուք` նշելով, որ յանձնախումբը իր նիստը պիտի շարունակէ այսօր` չորեքշաբթի յետմիջօրէին:
Այս գծով կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսմանց նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ ո՛չ Մեթնի, ո՛չ ալ Քեսրուանի մէջ աղբակոյտերու ամբարման յարմար տարածքներ գտած է, հակառակ կենսոլորտի նախարարին առաջարկած անուններուն:
Հաղորդուեցաւ, որ բնակութեան վայրերէ հեռու փոսերու մէջ առժամաբար պիտի ամբարուին աղբակոյտերը յատկապէս Տարայայի, Տահր Պայտարի եւ Քֆար Սլուանի մէջ` հետագային աւելի յարմար վայր փոխադրուելու խոստումով:
Ցոյցեր` Զանազան Շրջաններուն Մէջ
Հակառակ աղբակոյտերու մասնակիօրէն վերացման եւ նախարարական պատկան ենթայանձնախումբի որոշումներուն, բողոքի ելոյթները շարունակուեցան լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ երէկ յետմիջօրէին եւս:
Արդարեւ, Տարայայի բնակիչները փակեցին Տահր Պայտարի մայրուղին` իբրեւ բողոք աղբակոյտերը իրենց շրջանին մէջ ամբարելու որոշումին: Շրջանի քաղաքապետը յայտնեց, որ ծովու մակերեսէն 1500 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող այս շրջանին մէջ աղբակոյտերը ձիւնհալի շրջանին հոսող ջուրերուն հետ պիտի ողողեն թաղամասերը, ինչ որ առողջապահական անընդունելի հետեւանքներ պիտի ունենայ:
Աւելի ուշ, ապահովական ուժերու միջամտութեամբ վերաբացուեցաւ Տահր Պայտարի մայրուղին:
Նաեւ` Արսալի Մէջ
Նմանապէս Արսալի մէջ բողոք արձանագրուեցաւ աղբակոյտերը հոն ամբարելու միտող որեւէ քայլի դէմ, երբ Ժուսուր ընկերութիւնը սպառնաց հրկիզել որեւէ աղբատար փոխադրակառք, որ կը փորձէ Արսալ մուտք գործել:
Սայտայի մէջ եւս բողոքի ելոյթներ եղան` առարկելով, որ կարելի չէ շրջանին մէջ աղբակոյտեր ամբարել, նախքան այս գծով քաղաքական համախոհական համատարած որոշումի կայացումը: