Լիբանանցիք երէկ շարունակեցին իրենց ընդվզումի ցոյցերը` բողոքելով երկրի հրատապ հարցերուն լուծման գծով կառավարութեան անկարութեան դէմ: Հարցերուն վերջինը աղբակոյտերու թնճուկն է, որ աւելի քան 12 օրերէ ի վեր վնաս կը պատճառէ Լիբանանի կենսոլորտին:
Արդարեւ, հակառակ ակնկալուող յոյսերուն, նախարարաց խորհուրդը երէկ առաւօտ գումարեց երեքշաբթիէն յետաձգուած իր նիստը, որ սակայն չկրցաւ գոհացնել լիբանանցիները` հրատապ հարցերուն արմատական լուծում գտնելու գծով:
Արդարեւ, ժողովի աւարտին, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժըրէյժ զեկուցեց ժողովի արդիւնքներուն մասին եւ վարչապետ Սալամին վերագրելով իր խօսքերը յայտնեց, որ աղբակոյտերու հարցը կը սպառնայ երկրի կենսոլորտային ապահովութեան, եւ քաղաքական տագնապը կ՛արգելակէ այս հարցին բարւոք լուծումը: «Վարչապետ Սալամ պահանջեց մէկդի դնել քաղաքական տարակարծութիւնները եւ անկեղծօրէն ջանալ այս մեծ հարցին լուծում գտնել», շարունակեց նախարար Ժըրէյժ` աւելցնելով, որ վարչապետը կրկին պահանջեց նախագահական ընտրութեան կայացումը` դիտել տալով, որ եթէ կացութիւնը այս ընթացքով շարունակուի, ապա այն ատեն անիմաստ եւ ապարդիւն պիտի ըլլայ նախարարաց խորհուրդի թէ որեւէ այլ խորհուրդի գոյատեւումը: Վարչապետը պատրաստակամութիւն յայտնած է օժանդակել` կառավարութեան գործելաոճի թնճուկի հարթումին, սակայն փակ դռներու բախելու պարագային պիտի դիմէ իր ընտրանքներուն:
Լիբանանցիք` Յուսախափ
Սակայն լիբանանցիք յուսախաբ` նախարարաց խորհուրդի ցուցաբերած հարցերու լուծման մօտեցումէն, վերստին փողոց իջան իրենց ընդվզումը արտայայտելու: Պշամունի եւ Պտատունի բնակիչներ ցոյց մը կազմակերպեցին` բողոքելով աղբակոյտերու իրենց շրջաններուն մէջ ամբարման առաջարկներուն դէմ:
«Հոտերնիդ ելաւ» շարժումը բուռն կերպով բողոքեց ցարդ առնուող քայլերուն դէմ` ընդգծելով, որ աղբակոյտերը Պէյրութի թաղամասերէն հաւաքուելով կ՛ամբարուին Պէյրութի նաւահանգիստին մօտակայ Քարանթինայի եւ Միրնա Շալուհի շրջաններուն մէջ, ինչ որ առողջապահական ու կենսոլորտային ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ շրջանի բնակչութեան վրայ: Շարժումը պահանջեց Թարեք Մալլահի եւ անոր ընկերոջ ազատ արձակումը:
Նոյն ծիրին մէջ, կենսոլորտային աղբիւր մը զգուշացուց, թէ շաբաթավերջին տաքութեան աստիճանը պիտի շրջանցէ քառասունը, իսկ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ` 37-ը, ինչ որ կրնայ բարդացնել աղբակոյտերու ախտավարակ իրավիճակը:
Այն Տարայի բնակիչները ուղղուեցան Սայֆի եւ իրենց մտահոգութիւնները փոխանցեցին Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի:
Երեկոյեան «Հոտերնիդ ելաւ» շարժումն ու այլ ցուցարարներ դարձեալ ցոյցի դիմեցին` արդարադատութեան դատարանէն դէպի ընկերային հարցերու նախարարութիւն ուղղուելով եւ կրկին պահանջելով Թարեք Մալլահի եւ անոր հետ նախարար Ռաշիտ Տըրպասի հարցով արգելափակուած ընկերակիցներուն ազատ արձակումը: Մալլահի պաշտպան փաստաբան Նիզար Սաղիէ յայտնեց, որ Մալլահ բիրտ վերաբերմունքի ենթարկուած է արգելարանին մէջ եւ զինք կոչած են «նախարարին արգելափակեալը»:
Ցոյցերուն Զուգահեռ`
Լուծման Ճիգեր Եւ Առաջարկներ
Ցոյցերուն զուգահեռ ճիգերը շարունակուեցան աղբակոյտերու թնճուկի հարթումին գծով: Այս ծիրին մէջ պատկան մարմիններ եւ յատկապէս` քաղաքապետական խորհուրդներ գումարեցին յատուկ նիստեր, ինչպէս` Պէյրութի, Տարայայի թէ Նապաթիէի մէջ, փորձելով կացութիւնը փրկել եւ աղբակոյտերէն ձերբազատուիլ ամէնէն արագ միջոցներով:
Այս ծիրին մէջ, Ազգային ազատ հոսանքի կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա հաստատեց, որ կուսակցութիւնը չի խուսափիր այս գծով իր պատասխանատուութենէն եւ կը շարունակէ լուծման իր ճիգերը:
Իսկ Պէյրութի նահանգապետ, դատաւոր Զիատ Շպիպ յայտնեց, որ որդեգրուած արտակարգ ծրագիրի միջոցառումներուն շնորհիւ կարելի եղած է վերացնել աղբակոյտերուն քառասուն առ հարիւրը եւ ճիգերը կը շարունակուին:
Նոյն ծիրին մէջ, զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն առաջարկած է աղբակոյտերը արտահանել դէպի Գերմանիա կամ Շուէտ, ուր կարելի է վերամշակել եւ օգտագործել զանոնք:
Նմանապէս, Պէյրութի քաղաքապետութիւնը նախարարաց խորհուրդէն արտօնութիւն խնդրեց իր շրջանի աղբակոյտերը դէպի դուրս` արտասահման «ղրկելու» գծով:
Ապու Ֆաուր Այցելեց «Պագալեան» Եւ
Որոշեց Ձկնարանը Առժամաբար Փակել
Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ իր կարգին այցելեց Քարանթինայի աղբակոյտերու շրջանը եւ մերձակայ «Պագալեան» ալրաղաց ընկերութիւնը` վերահաստատելով, որ ալիւրի կամ հացի տագնապ չկայ:
Իբրեւ կանխազգուշական միջոցառում, Ապու Ֆաուր որոշեց երկու-երեք օրով փակել Քարանթինայի ձկնարանը եւ խորհրդակցեցաւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի հետ` յառաջիկայ արմատական լուծման ձգտող քայլերուն շուրջ:
Անել Վիճակ` Նաեւ
Քաղաքական Գետնի Վրայ
Աղբակոյտերու հրատապ թնճուկի կողքին կառավարութեան գործունէութիւնը առկախող ու ջլատող հիմնական այլ մտահոգութիւն է նաեւ նշանակումներու, յատկապէս` բարձրաստիճան զինուորականներու պաշտօնավարութեան երկարաձգման կամ «նորերու» որոշման ու նշանակման հարցը, որ առանցքը կը կազմէ քաղաքական կողմերու տարակարծութեանց: Այս գծով, օրինակ` Հըզպալլայի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ նախարարներ մերժեցին ստորագրել Սպայից վարժարանի աւարտականներու աստիճանաւորումը: Փաստօրէն, երկրորդ տարին ըլլալով Սպայից վարժարանի զինուորականներու սուրերով աստիճանատուչութեան արարողութիւնը զանց կ՛առնուի` սուրերը աւարտական սպաներուն յանձնող նախագահի «բացակայութեան» պատճառով: Այդ հանդիսութիւնը պիտի փոխարինուի «սպիտակ աստղ»-ի տուչութեամբ` միաժամանակ պահելով սպաներու իրաւունքներն ու լիազօրութիւնները:
Իպրահիմ. «Լուծում`
Նախքան 7 Օգոստոսը»
Այս գծով ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ անհրաժեշտ նկատեց երեսփոխան զօրավար Միշել Աունի հետ «ելք մը» գտնել նախքան 7 օգոստոսի ժամկէտը, երբ կ՛աւարտի բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Ուալիտ Սալմանի պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը: Իպրահիմ աւելցուց, որ ինք այս գծով արդէն իսկ խորհրդակցած ու լուծման իր առաջարկը փոխանցած է զօր. Միշել Աունին հակադրուող կողմին: Նշենք, որ նմանապէս բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը եւս կ՛աւարտի յառաջիկայ սեպտեմբերին եւ այս գծով խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին քուլիսներու ետին:
Երեկոյեան նախարարական ենթայանձնախումբը նիստ մը գումարեց` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին աղբակոյտերու վերացման գործնական եւ արմատական լուծումներու միջոցառումները:
Մտավախութիւն` Նաեւ
Դիւանագիտական Մակարդակի Վրայ
Երկրին կենսոլորտային հին, բայց վերանորոգ` աղբակոյտերու թնճուկն ու քաղաքական տարակարծութեանց շիկացած բնոյթը, որ կրնայ յանգիլ վարչապետ Սալամի հրաժարումին` մտահոգութիւն պատճառեց նաեւ դիւանագիտական շրջանակներուն մօտ, որոնք փութացին կանխարգիլելու կացութեան վատթարացումը:
Այս ծիրին մէջ, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի ցուցաբերած «հոգածութենէն» ետք, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ երէկ հրաժեշտի անջատ այցելութիւններ տուաւ երկրի կարգ մը կողմերու պատասխանատուներուն, ինչպէս` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլի: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեց Լիբանանի անդորրութեան պահպանումն ու սահմանադրական-օրինական հաստատութեանց գոյատեւումը, ուր առաջնահերթ կարեւորութիւն ունի նախագահին «ներկայութիւնը»:
Նոյն ծիրին մէջ եւ հրաժեշտի, ծանօթացման թէ շնորհաւորական այցելութիւններու պիտակին տակ Իրաքի դեսպանը այցելեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի: Իսկ Եգիպտոսի եւ Իրանի դեսպանները անջատաբար այցելեցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: