Պուրճ Համուտի աղբանոցին վերաբացման եւ նոր աղբակոյտերու դիզման հաւանականութեան գծով կարգ մը տեղեկութիւններու լոյսին տակ, շրջանի պատասխանատուներ կտրուկ կերպով մերժեցին նման հաւանականութիւն:
Արդարեւ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի երկուշաբթի օր կատարած մերժողական յայտարարութենէն ետք, ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ իր կարգին մերժեց Պուրճ Համուտի աղբանոցի վերաբացման հաւանականութեան գծով որեւէ փորձ:
«Առաջարկուեցաւ, բայց մերժեցինք վերաբանալ Պուրճ Համուտի աղբանոցը», հաստատեց նախարար Նազարեան` նշելով այս կեցուածքին տուն տուող առողջապահական թէ կենսոլորտային պատճառները: