Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահի «Բացակայութեան» Երկրորդ Տարին Ըլլալով` Բանակի Հիմնադրութեան 70-Ամեակը Նշուեցաւ Խորհրդանշական Արարողութիւններով

Օգոստոս 1, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-31-15_Army27-31-15_Army3Երկրորդ տարին ըլլալով նախագահի «Բացակայութեան» բերումով, բանակի տօնը նշուեցաւ խորհրդանշական արարողութիւններով:

Այս առիթով զինուորական ներկայացուցիչներ այցելեցին լիբանանեան զանազան շրջաններ եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին նահատակ զինուորի յուշակոթողին առջեւ:

Քահուաժի. «Առեւանգեալ Զինուորականներու
Ազատ Արձակումը Մեր Ճիտին Պարտքն Է»

Բանակի օրուան առիթով, որ այս տարի կը զուգադիպի անոր հիմնադրութեան 70-ամեակին, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ողջունեց զինուորները` վեր առնելով անոնց ցուցաբերած պատրաստակամութիւնն ու խիզախ կեցուածքը` հայրենիքի պաշտպանութեան ծիրին մէջ: «Լիբանանի եւ յատկապէս Արսալի դէմ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու յարձակումէն տարի մը ետք, ձեր խիզախ կեցուածքով դուք արդէն հասած էք մեծ պետութեանց բանակներուն հմուտ ու բարձր մակարդակին», շեշտեց Քահուաժի` զինուորականներուն ուղղելով «Օրուան հրաման»ը, եւ թելադրելով կազմ ու պատրաստ ըլլալ դիմակալելու Իսրայէլն ու ահաբեկչական խմբակները: Առեւանգեալ զինուորականներու հարցին ակնարկելով` զօրավար Քահուաժի ըսաւ, թէ անոնց ազատ արձակումը «մեր ճիտին պարտքն է»:

Սալամ. «Կը Խոնարհիմ Նահատակներուն Առջեւ
Եւ Կ՛ողջունեմ Առեւանգեալները»

Վարչապետ Թամմամ Սալամ այս առիթով հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ողջունեց բանակի հրամանատարութիւնն ու զինուորները` նշելով, որ ինք «կը խոնարհի բանակի նահատակներուն առջեւ»: Վարչապետը նմանապէս ողջունեց առեւանգեալ զինուորականները` ցաւ յայտնելով, որ երկրորդ տարին ըլլալով բանակը իր տօնը կը նշէ հանրապետութեան նախագահի «բացակայութեան»: Ան այս առիթով վերահաստատեց իր կոչը` նախագահ մը ընտրելու ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին:

Պըրրի Դրուատեց Բանակի Ազգային Դերը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի բարձր գնահատեց բանակի դերը, դրուատելով անոր ճիգերը եւ ազգային առաքելութիւնը` հայրենիքի պաշտպանութեան եւ անոր կայունութեան ամրապնդման մէջ:

Պըրրի իր շնորհաւորական այս մաղթանքը փոխանցեց, երբ զօր. Քահուաժի այցելած էր զինք Այն Թինէի մէջ` նորատիպ յիսուն հազար լիբ. ոսկիէն օրինակ մը նուիրելու անոր:

Մուսաուի. «Բոլորը Պարտին Զօրակցիլ Բանակին»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Հիւսէյն Մուսաուի ողջունեց եւ շնորհաւորեց բանակը` անհրաժեշտ նկատելով, որ «բոլոր լիբանանցիները զօրակցին բանակին եւ պահպանեն անոր ուժն ու միասնականութիւնը»:

Հարիրի. «Կը Ցաւինք, Որ Բանակը Իր Տօնը Կը Նշէ
Եւ Լիբանան Երկրորդ Տարին Ըլլալով Նախագահ Չունի»

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ իր կարգին շնորհաւորեց բանակը եւ այս առիթով յատուկ նամակով ցաւ յայտնեց, որ երկրորդ տարին ըլլալով Լիբանան կը նշէ իր բանակին տօնը` հանրապետութեան նախագահի «բացակայութեան» Հարիրի նշեց, որ այս տարի բանակի տօնը կը զուգադիպի այնպիսի պահու, երբ Լիբանան կը դիմակալէ շարք մը մարտահրաւէրներ եւ վտանգներ` ընդգծելով բանակի միասնակամութիւնն ու իր առաքելութեան հաւատարիմ մնալու ոգին»:

Աուն. «Յիշեցէ՛ք, Դուք Էք,
Որ Պիտի Կերտէք Լիբանանի Փառքը»

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն իր կարգին ողջունեց ու շնորհաւորեց բանակը` յայտնելով, թէ «յիշեցէ՛ք, որ դուք էք, որ պիտի կերտէք Լիբանանի փառքը»:

Միքաթի. «Լիբանանի Պաշտպանութեան
Ամրակուռ Կռուան»

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հաղորդագրութեամբ մը ողջունեց բանակն ու անոր նահատակները` շուտափոյթ ազատութիւն մաղթելով առեւանգեալ զինուորականներուն:

«Հայրենիքի պաշտպանութեան ամրակուռ կռուան էք դուք` ամրագրուած բոլորին զօրակցութեամբ», ընդգծեց Միքաթի:

Ժրէյժ. «Համախմբուիլ Բանակին Շուրջ`
Մարտահրաւէրներուն Դիմաց»

Տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ եւս հաղորդագրութեամբ մը ողջունեց բանակը` թելադրելով անոր շուրջ համախմբուիլ, դիմակալելու համար երկրին սպառնացող ներքին թէ արտաքին մարտահրաւէրները: Ողջունելով բանակի նահատակները` Ժրէյժ ընդգծեց, որ «անիկա (բանակը) կը մնայ ապահովութեան, միասնութեան ու կայունութեան երաշխիքը, երբ մեր շուրջ կը վերանայ եւ կ՛ոչնչանայ ամէն բան»:

Ֆրենժիէ. «Բանակը Երկրին Ապահովութեան
Երաշխիքն Ու Քաղաքացիի Հպարտութեան Աղբիւրն Է»

Մարատա հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ «Թուիթըր»-ի վրայ իր գրառումով ողջունեց բանակն ու անոր նահատակները` ընդգծելով, որ անիկա հայրենիքի ապահովութեան խթան է եւ հպարտութեան աղբիւր` քաղաքացիներուն:

Բանակի տօնին առիթով շնորհաւորական եւ զօրակցական կեցուածքներ արտայայտեցին նաեւ պետական, կուսակցական եւ այլ բարձրաստիճան զանազան անձնաւորութիւններ ու կազմակերպութիւններ:

 

 

 

Նախորդը

«Երախտագիտութեան» Յուշակոթող` Ժմմէյզէի Մէջ

Յաջորդը

Լուծումներու Տեղքայլի Լոյսին Տակ. Լիբանան Կը Շարունակէ Դիմակալել Քաղաքական, Տնտեսական Ու Կենսոլորտային Հարցերը

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?