Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ցաւ ու զարմանք յայտնեց, որ աղբակոյտերու հարցին լուծումը ձգուած է մետասաներորդ պահուն, «երբ պէտք էր այս հարցը լուծել բաւական երկար ատեն առաջ», Պըրրի իր ընդվզումը յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ նոյնիսկ աղբակոյտերը համայնքայնացումի կ՛ենթարկուին: Չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հերթական հանդիպումներու ծիրին մէջ, Պըրրիի այցելուներ անոր վերագրեցին կառավարութեան պահպանման ու գոյատեւման անհրաժեշտութեան շեշտադրումը, յատկապէս ներկայ հանգրուանին, երբ երկար ատենէ ի վեր թափուր է նախագահական աթոռը: