ԱՆԾԱՆՕԹՆԵՐ երէկ երեկոյեան առեւանգած են Խալիլ Էլիաս Ֆատտուլ անունով քաղաքացի մը` պահանջելով երկու հարիւր հազար տոլարի փրկագին, անոր ազատ արձակման համար:
ԱՆՑՆՈՂ երկու շաբաթներուն ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով երէկ երկու «Իներկա» տիպի հրթիռներ ինկան Լիբանանեան համալսարանի Ֆանարի մասնաճիւղին վրայ: Ըստ համալսարանին մօտիկ աղբիւրներու, հրթիռները արձակուած են Զաայթրիէ շրջանէն: