Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երթեւեկի Սին Բանավէճի Պատճառով. Բանակը Կորսնցուց Նահր Պարետի Կռիւներուն Հերոսներէն Գնդապետ Ռապիհ Քհէյլը

Յուլիս 30, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-29-15_rabi3

Բանակի տօնին նախօրեակին, երէկ առաւօտ Լիբանան կորսնցուց գնդապետ Ռապիհ Քհէյլը, որ հերոսական կռիւներ մղած էր քանի մը տարի առաջ հիւսիսային Լիբանանի Նահր Պարետ գաղթակայանի եւ ապա` Արսալի բախումներուն ընթացքին: Լիբանանեան բանակը հաղորդագրութեամբ մը գուժեց գնդ. Քհէյլի սպանութիւնը` քանի մը օր առաջ պատահած զինեալ միջադէպին պատճառով:

Գնդ. Քհէյլի սպանութիւնը զայրոյթի եւ դատապարտումի բուռն ալիք բարձրացուց ժողովրդային թէ ղեկավար շրջանակներու մօտ:

Արդարեւ, վերջերս Էշրեֆիէի Սայֆի թաղամասին մէջ Ժորժ Ռիֆի եւ ապա Ֆրզոլի մէջ Պասսամ Մաթարի սպանութեան ահաւոր ոճիրներէն ետք, գնդ. Քհէյլի սպանութիւնը կու գայ բացայայտելու սանձարձակ ուժի եւ զէնքի գործածութիւնը Լիբանանի ժողովրդային զանազան խաւերուն մօտ:

Զոհին ընտանեկան պարագաները պահանջեցին քննութիւն բանալ եւ քողազերծել ու արգելափակել ոճրագործը` Հիշամ Տաուը, որ ըստ կարգ մը աղբիւրներու, փախած եւ Թուրքիա ապաստանած է: Այս գծով Պտատունի եւ Հումալի քաղաքապետները անջատ հաղորդագրութիւններով դատապարտեցին` դէպքը` պահանջելով խստագոյն պատիժ տնօրինել յանցագործներուն նկատմամբ:

Դէպքին մանրամասնութիւններուն մէջ, ըստ կարգ մը ականատեսներու, գնդ. Քհէյլ քանի մը օր առաջ տունդարձի ճամբուն վրայ Պտատուն-Քմաթիէի մէջ Տաու ընտանիքէն երկու երիտասարդներու հետ երթեւեկի առաջնահերթութեան պատճառով կը բռնուի բանավէճի, որ կը վերածուի զինեալ միջադէպի, եւ ստացած փամփուշտներուն պատճառով հիւանդանոց կը փոխադրուի: Իսկ գնդ. Քհէյլի ընտանեկան պարագաներուն հասած տեղեկութեանց համաձայն, յանցագործները դիտումնաւոր կերպով վէճ յարուցած են գնդ. Քհէյլի հետ եւ ապա անձայն ատրճանակով ծանրօրէն վիրաւորած զայն: Քհէյլ 25 վայրկեան արիւնլուայ վիճակի մէջ մնացած է, մինչեւ որ կարելի եղած է զինք հիւանդանոց փոխադրել:

Պետական ղեկավար եւ կուսակցական շրջանակներ եւս բուռն կերպով դատապարտեցին գնդ. Քհէյլի սպանութեան դէպքը` պատկան կողմերէն պահանջելով խիստ պատժամիջոցներու ենթարկել յանցագործները եւ սանձել փողոցի օրինազանցութիւնները:

Այս ծիրին մէջ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութենէն պատուիրակութիւն մը այցելեց արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի` պահանջելով սանձել օրինազանցութիւնները:

Յայտնենք, որ երէկ երեկոյեան Հումալի քաղաքապետ Խալիլ Տաու ապահովական ուժերուն յանձնած է իր որդին` Էլի Տաուը, որ Հաշեմ Տաուի հետ պատասխանատու կը նկատուի գնդ. Քհէյլի սպանութեան:

 

 

Նախորդը

«Պուրճ Համուտի Աղբանոցը Կարելի Չէ Օգտագործել» Ընդգծեց Պուրճ Համուտի Փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան

Յաջորդը

Չորեքշաբթի Օրուան Հերթական Հանդիպումներու Ծիրին Մէջ. Պըրրի Շեշտեց Կառավարութեան Գոյատեւման Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?