Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպասելով Նախարարաց Խորհուրդի Այսօրուան Նիստի Արդիւնքներուն`. Աղբակոյտերու Վերացման Փորձերն Ու Ժողովրդային Ցոյցերը Շարունակուեցան

Յուլիս 30, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-29-15_Garbage1

Ժողովրդային թէ պաշտօնական շրջանակներու ուշադրութիւնը այսօր դարձեալ սեւեռած կը մնայ նախարարաց խորհուրդի նիստին արդիւնքներուն վրայ: Նիստին գծով հակասական տեղեկութիւններ փոխանցուեցան: Արդարեւ, այն միջոցին, երբ վարչապետ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ յիշեցուցին, թէ Սալամ տակաւին ի մտի ունի հրաժարելու ընտրանքը` կառավարութեան գործունէութեան բնականոն ընթացքը խափանելու փորձերուն պարագային, նախարարական կարգ մը աղբիւրներ շեշտեցին կառավարութեան գործունէութեան աշխատելաոճն ու հոլովոյթը վճռելու անհրաժեշտութիւնը այսօրուան նիստին ընթացքին:

Իրազեկ կարգ մը աղբիւրներ հաւանական նկատեցին, որ վարչապետ Սալամ մետասաներորդ պահուն դարձեալ յետաձգէ կառավարութեան նիստը եւ այս անգամ` անորոշ թուականով: Փաստօրէն, Սալամի մօտիկ աղբիւրներու համաձայն, այսօրուան նիստին օրակարգի կէտերը պիտի կեդրոնանան ժողովրդային անմիջական կարիքներուն եւ հրատապ հարցերու լուծման կարելիութիւններուն վրայ:

Սակայն մինչեւ երէկ ուշ գիշեր այսօրուան նիստին թուականը տակաւին ի զօրու էր:

Միւս կողմէ, երէկ շարունակուեցան աղբակոյտերու վերացման քայլերը, թէեւ դանդաղ ու մասնակի ձեւով: Օրական առնուազն հազար թոն աղբակոյտ «արտադրող» Լիբանանի թաղամասերու կուտակուած քառասուն հազար թոն աղբակոյտերէն ցարդ հազիւ երկու հազար թոնը վերացուած է, մինչ մնացեալը կը շարունակէ պատճառ դառնալ ժողովրդային ցոյցերու եւ դատապարտող կեցուածքներու` լուծման մասնակի քայլերուն զուգահեռ:

Փաստօրէն, աղբակոյտերու «ցունամի»-ի նախընթացը դատապարտող կեցուածքները շարունակուեցան երէկ, երբ պատկան կողմեր կը փորձէին իրենց շրջանէն վանել աղբակոյտերու ամբարման յարմար վայերու «թեկնածու» անունները:

Այս ծիրին մէջ, Տարայայի, Սայտայի թէ Պաթրունի քաղաքապետներ եւ պատկան կողմեր երէկ կրկին դատապարտեցին աղբակոյտերու իրենց շրջաններուն մէջ ամբարման փորձերը` միաժամանակ թուելով իրենց կեցուածքը արդարացնող առողջապահական թէ կենսոլորտային հիմնաւորումները:

Նոյն ծիրին մէջ, երէկ ժողովրդային ցոյցերը շարունակուեցան մէկէ աւելի շրջաններու, յատկապէս` Տահր Պայտարի եւ աւելի ուշ մայրաքաղաքի փողոցներուն մէջ: Ցուցարարները կտրուկ կերպով մերժեցին Տարայայի մէջ աղբակոյտ ամբարելու հաւանականութիւնը` բողոքելով ու որոշ ատենով փակելով Տահր Պայտարի մայրուղին, Համմանայի անկիւնը համախմբուելէ ետք:

Նմանապէս, երէկ երեկոյեան խումբ մը ցուցարարներ աղբարկղներով փակեցին Ռինկ-Պըրժ էլ Մըր կամուրջն ու Մսայթպէի ճամբան:

Իսկ ցուցարարներու այլ խումբ մը երէկ կէսօրէ առաջ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեց` համախմբուելով Արդարադատութեան պալատի ոստիկանատան առջեւ եւ պահանջելով նախանցեալ օր նախարար Տըրպասի հարցով արգելափակուած Թարեք Մալլահի եւ իր ընկերներուն ազատ արձակումը:

Մաշնուք. «Նախարարական Ենթայանձնախումբը
Կը Գործէ Ճիշդ Հունին Մէջ»

7-29-15_MashnoukՄիւս կողմէ, աղբակոյտերու թղթածրարին հետապնդման համար կազմուած նախարարական ենթայանձնախումբը երէկ յետմիջօրէին գումարեց իր երրորդ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ մասնակցութեամբ պատկան նախարարներուն եւ պատասխանատուներուն:

Խորհրդակցութեանց աւարտին, կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք գոհունակութիւն յայտնեց ենթայանձնախումբի գործունէութեան գծով` ընդգծելով, որ անիկա կը գտնուի իր ճիշդ հունին մէջ: Մաշնուք նշեց, որ ժողովականները վերահաստատած են նախորդ նիստերուն որոշումները` միաժամանակ շարունակելով անմիջական թէ արմատական լուծումներու միտող քայլերու քննարկումը:

Սակայն այս թղթածրարին ծալքերուն մօտէն հետեւող իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, տակաւին որոշ տարակարծութիւն կը տիրէ պատկան նախարարներուն եւ պատասխանատուներուն միջեւ: Այս ծիրին մէջ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնապէս նախարար Էլիաս Ապու Սաապին ակնարկելով ըսաւ. «Ան որ ընդունեց ու հանդուրժեց քարահանքերու գոյութիւնը, կրնայ ընդունիլ նաեւ աղբակոյտերու ամբարման կեդրոններու կամ աղբանոցներու երեւոյթը»:

Նախորդը

«Առաջարկուեցաւ, Բայց Մերժեցինք Վերաբանալ Պուրճ Համուտի Աղբանոցը» Ընդգծեց Նախարար Արթիւր Նազարեան

Յաջորդը

Տեկորի Հայկական Եկեղեցին` Փլուզման Վտանգին Տակ

RelatedPosts

բագրատունի վերընտրուեցաւ խորհրդարանի դիւանի անդամ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական գաղթականներու հարցերու յանձնախումբի նախագահ եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար
Լիբանանեան

բագրատունի վերընտրուեցաւ խորհրդարանի դիւանի անդամ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական գաղթականներու հարցերու յանձնախումբի նախագահ եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?