Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի երէկ կէսօրէ ետք այցելեց Քլեմանսօ, ուր խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ` ներկայութեամբ անոր արտաքին հարցերու խորհրդականներէն Տորէյտ Եաղիի:
Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ մէկ մզկիթին մէջ պատահած ահաբեկչական գործողութիւնը` կոչ ուղղելով միացեալ ճիգերով պայքարելու ահաբեկչութեան դէմ:
Այս առիթով Իրանի դեսպանը շեշտեց Սուրիոյ տագնապին քաղաքական միջոցներով լուծման անհրաժեշտութիւնը նշելով, որ ինք նախարար Ժոմպլաթի պարզած է այս գծով իրանեան քառակողմանի նախաձեռնութեան հեռանկարները: