Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այցելուները շաբաթական իրենց խորհրդակցութեան ընթացքին նկատեցին Պըրրիի ընդվզումը տիրող կացութենէն: Անոր վերագրելով իրենց խօսքերը` այցելու երեսփոխանները յայտնեցին, որ խորհրդարանի նախագահը սաստիկ ընդվզած ու վշտացած է երկրին օրէնսդիր եւ գործադիր հաստատութիւններու գործունէութեան առկախումն ու խափանումը փորձող քայլերէն ու կեցուածքներէն:
Պըրրի անընդունելի նկատած է այս իրավիճակը` պահանջելով պատկան կողմերէն` փութալ վերակենդանացնել երկրին պաշտօնական օրէնսդրական հաստատութիւնները: «Չեմ զարմանար հարցերու կուտակումէն, այնքան ատեն որ խափանումի ճիգերը տիրական են» ընդգծած է Պըրրի: