Փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի որոշումին գծով երէկ զանազան արձագանգներ ու կեցուածքներ դրսեւորուեցան` իւրաքանչիւրը իր դիտանկիւնէն մեկնաբանելով երեւոյթը:
Արդարեւ, այն միջոցին, երբ կարգ մը կողմերու հայեացքները սեւեռած էին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հակազդեցութեան վրայ, հոսանքի զանազան միաւորները արտակարգ նիստեր գումարեցին` զօրաշարժի ենթարկելով իրենց տարրերը եւ սպասելով ղեկավար վերին մարմիններու հրահանգներուն, մինչ զօր. Աուն չեղեալ նկատեց այսօր նախատեսուող իր բոլոր հանդիպումները: