Աղբակոյտերու հարցին կիս-կատար եւ կարկտան լուծումները շարունակեցին մտահոգել քաղաքացիները այս հարցի ժխտական հետեւանքներուն եւ յառաջացնելիք առողջապահական վտանգներուն գծով:
Այս գծով բողոքի ելոյթները շարունակուեցան երէկ: Իսկ Հոտերնիդ ելաւ շարժումը կոչ ուղղեց վաղը` շաբաթ, 8 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին համախմբուելու եւ բողոքելու այս հարցի արմատական լուծումներու ձգձգման դէմ: