Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչեւ Սեպտեմբերի Կէսերը Երկարող Արմատական Լուծումներուն Սպասումով. Անմիջական «Կարկտան» Լուծումներ` Երկրի Հրատապ Հարցերուն

Օգոստոս 5, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այն միջոցին, երբ աղբակոյտերու ցիրուցան ամբարուած բլրակներն ու ջերմաստիճանի հեղձուցիչ տաքութիւնը աքցանի նման կաշկանդած են լիբանանցիներու նոյնիսկ բնականոն շնչառութիւնը, հայեացքները ուղղուած են կառավարութեան այսօրուան նիստին, ուր օրակարգի վրայ են հրատապ թղթածրարներ` աղբակոյտերէն մինչեւ նշանակումներու եւ կառավարութեան գործելաձեւի «սրբագրումը» եւ այլն:

Արդարեւ, աղբակոյտերու եւ հեղձուցիչ տաք ջերմաստիճանին վրայ «ձէթ թափող» ելեկտրականութեան հոսանքի վերջերս յարաճուն ընդհատումի հրատապ հարցը կը թուի, թէ անմիջական «հանդարտեցուցիչ», եթէ ոչ «կարկտան» միջոցառումներով պիտի լուծուի մինչեւ շաբաթավերջ: Գէթ այս կը ցոլացնեն պատասխանատուներու եւ յատկապէս` պատկան կողմերու դրսեւորած կեցուածքներն ու յայտարարութիւնները: Նաեւ, գրեթէ բոլոր կողմերը փաստօրէն իրենց համամտութիւնը արտայայտեցին առաջադրուող աղբակոյտերու արտահանման ընտրանքին, որուն կիրարկման սպասումով  ցուցմունքներ տրուեցան անմիջական քայլերով աղբակոյտերը ամբարելու առժամեայ աղբանոցներու մէջ:

Սելիմ Ժրէյսաթի
Սելիմ Ժրէյսաթի

Իսկ ինչ կը վերաբերի ապահովական-քաղաքական (նշանակումներ) եւ  վարչական (կառավարութեան գործելաձեւ) պահանջներու թղթածրարին, հոս ալ առժամեայ  դասաւորումով  համախոհութիւն գոյացուած է միջին եզր մը գտնելու համար, ըստ որուն, իրենց պաշտօնավարութիւնը աւարտելու սեմին եղող բարձրաստիճան զինուորականներու հանգստեան կոչումի պայմանաժամը պիտի յետաձգուի, ինչպէս որ յայտարարեցին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներ: Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, նախկին նախարար Սելիմ Ժրէյսաթի երէկ դրական ցուցանիշներ եւ կեցուածքներ նկատեց պատկան կողմերուն մօտ: Ան շեշտեց, որ «ոչ մէկ նախարար իրաւունք ունի իր մէջ (իր անձի լիազօրութեան մէջ) սահմանափակելու նախարարաց խորհուրդի լիազօրութիւնները, յայտնապէս ակնարկելով պաշտպանութեան նախարար, փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելի, որ որոշած է կառավարութեան այսօրուան նիստին նշանակումներու գծով առաջարկել երեք անուններ, որոնց մերժումի պարագային պիտի յայտարարէ սպայակոյտի պետին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը: Նմանապէս, աունականներու աղբիւրներ յայտնեցին, որ իրենք պատրաստ են դիմակալելու ամէն տեսակ  անակնկալ եւ կը սպասեն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հրահանգներուն` «փողոց իջնելու» գծով:

Սակայն այս բոլորը, ըստ իրազեկ դէտերու, անմիջական լուծումներ են, սպասելով շրջանի իրադրութեան հետզհետէ քողազերծուող դասաւորումներուն: Փաստօրէն, գաղտնիք չէ, որ Լիբանանի հարցերուն մեծ մասին լուծումը կու գայ արտաքին կանաչ լոյսերէ: Արդարեւ,  հետզհետէ կը բացայայտուին Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հիւլէական համաձայնութեան արդիւնքներուն նախանշանները: Համաձայնութիւն, որ կու գայ նոր էջ մը բանալու Իրան-Արեւմուտք, յատկապէս` Իրան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութեանց մէջ: Այդ նախանշաններէն է օրինակ, համախոհութիւն` միացեալ ճակատով պայքարելու ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ:

Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ է  Մոսկուայի նախաձեռնութիւնը` ի մի համախմբելու նոյնիսկ «երէկի թշնամիները» (ինչպէս` Սուրիա եւ Թուրքիա) եւ միացեալ ճակատով պայքարելու ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ: Ասիկա աւելի արդիւնաւէտ կը թուի ըլլալ` նկատի ունենալով ամերիկեան համախոհ կեցուածքը նշեալ թիրախի յաղթահարման գծով: Այլ խօսքով, շրջանին մէջ կը դրսեւորուի քուլիսներու ետին ծրագրուող նոր դաշնակիցներու ձեւաւորման պատկերը: Դաշնակիցներու, որոնք մինչեւ մօտիկ անցեալը թունդ հակառակորդներ էին: Ուրուագծուող այդ «դաշինք»-ին  նոր պատկերը կ՛ընդգրկէ Սուրիան, Սէուտական Արաբիան, Յորդանանը եւ Թուրքիան: Այս դիտանկիւնէն կարելի է մեկնաբանել վերջերս շրջանին մէջ ծայր առած դիւանագիտական հանդիպումներու եռուզեռը, ինչպէս` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի շրջանային այցելութիւնը, սուրիացի բարձրաստիճան պատասխանատուներէն հազարապետ-զօրավար Ալի Մամլուքի Սէուտական Արաբիա այցելութիւնը, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի Թեհրան այցելութիւնը, Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգի փոխանորդ իշխան Մոհամետ Պըն Սալմանի Յորդանան այցելութեան քայլը` ընդառաջելով Ապտալլա Բ. թագաւորի հրաւէրին եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի այցելութիւնը, որ կը սպասուի Մոսկուայի մէջ: Այս այցելութիւններն ու հանդիպումները նախապատրաստական քայլեր են յառաջիկայ սեպտեմբերի կէսերուն ամերիկեան ծերակոյտին կողմէ Իրանի հետ հիւլէական համաձայնութեան վաւերացման վաղորդայնին սկսելիք շրջանային նոր իրադրութեան, որմէ անմասն պիտի չմնայ նաեւ Լիբանան, եւ ներկայիս հրատապ թուող շարք մը հիմնահարցեր պիտի լուծուին կամ «դասաւորուին»: Այդ հիմնահարցերուն մէջ առաջնահերթ կարեւորութիւն ունի նախագահական ընտրութեան հարցը, որուն գծով վատիկանեան թէ ֆրանսական կողմեր եւս լծուած են դիւանագիտական քուլիսային խորհրդակցութիւններու:

Նախորդը

Շրջանային Քաղաքական Ու Տեղական Հրատապ Հարցերու Լոյսին Տակ. Դիւանագիտական Եռուզեռ Զանազան Շրջանակներու Մօտ

Յաջորդը

Ռաֆայէլ Միացաւ Լիոնի

RelatedPosts

Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

Յունիս 21, 2025
Քաց. «Հըզպալլայի Եւ Լիբանանի Դէմ Խաղի  Կանոնները Փոխելու Պահուն Շատ Մօտ Ենք»
Լիբանանեան

Քաց. «Հըզպալլայի Ընդհանուր Քարտուղարը Իր Նախորդներու Ճակատագիրէն Դաս Չառաւ Եւ Կը Սպառնայ Խամենէիի Հրամանով Մեր Դէմ Գործել»

Յունիս 21, 2025
Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Նիստը, Մինչ Աշխատաւորները Կը Գործադրեն Բաց Գործադուլն Ու Բողոքի Նստացոյցը
Լիբանանեան

Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց Երկրէն Հեռացնել Զուքի Եւ Ժիէի Ելեկտրակայաններուն Մէջ Գտնուող Ժամանակը Աւարտած Քիմիական Նիւթերը

Յունիս 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?