Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրուստի Հարցերու Մէջ Տապլտկող Լիբանանցիք Կը Սպասեն Քաղաքական Դրական Քայլերու

August 7, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սամիր Մուքպել
Սամիր Մուքպել

Փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ վճռեց իր կեցուածքը` հրապարակելով զինուորականներու պաշտօնավարութեան մէկ տարիով երկարաձգման որոշում մը:

Որոշումը, որ վերջին օրերու, եթէ ոչ շաբաթներու ուշադրութեան կիզակէտը դարձած էր, եկաւ իբրեւ «երկու չարեաց փոքրագոյն»-ը, փորձելով միջին եզր մը գտնել տիրող քաղաքական հակադիր կեցուածքներուն միջեւ: Արդարեւ, հակառակ կարգ մը շրջանակներու «ակնկալութեանց», խնդրոյ առարկայ կողմը` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը անմիջականօրէն չհակազդեց եւ փողոց չմղեց իր համակիրները, ինչպէս որ շատեր կը սպասէին: Սակայն «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ շաբաթ առաւօտուն արտակարգ նիստ մը պիտի գումարուի Ռապիէի մէջ, ուր Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն պիտի վճռէ տիրող սպասողական վիճակի ստանալիք «ուղղութիւնը»: Այս իմաստով, համախմբումի անդամ մէկէ աւելի երեսփոխաններ անուղղակիօրէն քննադատեցին նախարար Մուքպելի այս որոշումը: Օրէնսդրական հարցերու մասնագէտ Խալիլ Համատէ զայն հակաօրինական նկատեց` նշելով տարրական հիմնաւորումներ:

Միւս կողմէ, համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ այցելեց Մաարապ, ուր խորհրդակցութիւն ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի հետ` ներկայութեամբ անոր արտաքին յարաբերութեանց խորհրդական Մլհեմ Ռիաշիի:

Այս հանդիպումը կու գայ Հըզպալլա – Մուսթաքպալ երկխօսութեան վաղորդայնին, ինչ որ կը նպաստէ ներքին անդորրութեան ամրապնդման ճիգերուն` գէթ քաղաքական դիտանկիւնէն:

Նմանապէս, դրական խոստմնալից քայլ կը նկատուի շրջանային մակարդակով արձանագրուած կարեւոր դէպքը, երբ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ այցելեց Օման` կոչ ուղղելով վերջ տալու Սուրիոյ տագնապին:

Քաղաքական այս քայլը իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ նաեւ Լիբանանի քաղաքական կեանքին վրայ, որ սերտօրէն կ՛առնչուի սուրիական տագնապին, գէթ անոր կրած հետեւանքներէն` զինուորական, ընկերային (գաղթականներու հոսքին բերումով) թէ տնտեսական իմաստով, երբ շուրջ մէկուկէս միլիոն սուրիացի գաղթականներ Լիբանան ապաստանելով ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան լիբանանեան իրավիճակին վրայ:

Ներքին թէ արտաքին ճակատներու այս բոլոր հանգամանքները նկատի առնելով` զօր. Աուն «ոսկերիչի նժար»-ով կը չափէ իր քայլերը:

Ըստ դէտերու, քրիստոնեայ կուսակցութեան բարձրաստիճան ղեկավար մը յայտնած է, թէ դրական իրագործում մը պիտի արձանագրուի յառաջիկայ ամիս նախագահական ընտրութեան իմաստով եւ այդ իրագործումը բոլորը անակնկալի պիտի մատնէ:

Մինչ այդ, ապրուստի հրատապ հարցերու մէջ տապլտկող լիբանանցիք կը սպասեն` իրենց յոյսը դնելով քաղաքական դրական քայլերու վրայ:

 

Նախորդը

Աղբակոյտերու Հարցը Տակաւին Կը Մտահոգէ Քաղաքացիները

Յաջորդը

Մորաթթա Մէկ Ամիսով Պիտի Բացակայի

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.