
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ իր հերթական նիստին աւարտին կոչ ուղղեց քաղաքական կողմերուն, յատկապէս Մուսթաքպալ հոսանքին, դիւրացնելու երկրի քաղաքական հարցերու հարթումին ձգտող ճիգերը:
Պլոքի անդամ երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա կարդաց հաղորդագրութիւնը, ըստ որուն, պլոքը քննած է երկրին ընդհանուր իրավիճակը` վերջին իրադարձութեանց լոյսին տակ: