Շինարարական պատկան մարմիններու կողմէ Քազինօ տիւ Լիպանէն Թապարժա երկարող մայրուղին ասֆալթապատելու համար որդեգրուած միջոցառումները երէկ երեկոյ պատճառ դարձան երթեւեկի սաստիկ խճողումի` նշեալ ճամբուն վրայ:
Ասֆալթապատումի աշխատանքները սկսան երէկ երեկոյեան, եւ այդ առիթով նշեալ ճամբան մէկ ուղղութեամբ մասամբ փակուեցաւ: Ըստ ներքին ապահովութեան ուժերու պատասխանատուներէն մէկուն, վաղը` շաբաթ ճամբան լրիւ պիտի վերաբացուի: