Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտարարեց, որ համաձայնուած էր, որ նախարարաց խորհուրդին մէջ արծարծուի բոլոր զինուորականներու պաշտօնավարութեան հարցը, մինչ եղածը տարբեր էր:
Ան ընդգծեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնն ու Հըզպալլան համախոհ են եւ նոյն դիրքին վրայ կը գտնուին` պնդելով, որ նախքան որեւէ նիւթի քննարկումը, առաջնահերթութիւն պիտի տրուի զինուորականներու նշանակումներու թղթածրարի արծարծման: