
Շրջանի քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութեանց նորագոյն զարգացումներուն հետեւելով հետզհետէ կը յստականայ, թէ յետժընեւեան համաձայնութեան հանգրուանը պիտի չըլլայ այնպէս, ինչպէս որ էր նախքան այս համաձայնագիրի սկզբնագիրերուն շուրջ համաձայնութիւնը: Յատկապէս Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի համակիրներուն կարծիքով, Միջին Արեւելքի շրջանը քաղաքական-վարչական որոշ փոփոխութիւններ պիտի կրէ: Այլ խօսքով, 1916-ին Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ միջեւ ստորագրուած Սայքս-Փիքոյի համաձայնագիրը վերակենդանացման ոչ հիմնական, որոշ փոփոխութեանց «շպար»-ի պիտի ենթարկուի` վերադասաւորելու համար շրջանի նոր իրավիճակը: Այս գծով մէկէ աւելի կողմեր, յատկապէս` Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ կը հովանաւորեն ու գործօն դերակատարութիւն ունին շրջանին մէջ նշեալ նոր կարգավիճակի հաստատման հոլովոյթին մէջ` պահելով հանդերձ Սայքս – Փիքոյի դասաւորման հիմնասիւները: Այս դիտանկիւնէն պէտք է մեկնաբանել Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վճռական կեցուածքը այս գծով, ուր ան լիայոյս է, որ ամերիկեան ծերակոյտը իր յառաջիկայ սեպտեմբերի նիստին պիտի վաւերացնէ Ժընեւի համաձայնագիրը Իրանի հիւլէական թղթածրարին գծով, այլապէս «Միջին Արեւելքի մէջ նոր պատերազմի վտանգը» նախատեսելով: Սպասելով աշնանային խոստացուած բարեյաջող քայլերու իրականացման` ճիգերը կեդրոնացած են անմիջական հրատապ հարցերու լուծման վրայ եւ գաղտնիք չէ, որ Լիբանան եւս ներառուած է այս հոսանքի «կողմնացոյց»-ին մէջ: Արդարեւ, շրջանային թէ միջազգային կողմերու կանաչ լոյսին սպասող լիբանանեան հիմնահարցերու լուծումը գէթ առայժմ առկախուած է: Այս գծով «Էմ.Թի.Վի.» կայանը կը հաղորդէ, որ առաջադրուող ու ձեւաւորուող լուծման ճիգերէն գէթ առայժմ զանց առնուած են նախագահական թղթածրարի լուծումը եւ ճիգերը առաւելաբար կը կեդրոնանան հրատապ այլ հարցերու հարթումին վրայ, ինչպէս` զինուորականներու պաշտօնավարութեան երկարաձգում, եւրոպոնտի հրապարակում եւ այլն: Նմանապէս` Փաղանգաւոր երկրորդ փոխնախագահ, նախկին նախարար Սելիմ Սայեղ երէկ յայտարարեց, որ սերտ խորհրդակցութիւններ թափ առած են քաղաքական զանազան խմբաւորումներու միջեւ` ձգտելով «պահել» Սալամի կառավարութիւնը եւ թոյլ չտալ անոր հրաժարումը:
Այսուհանդերձ Լիբանանցիք
Ձեռնածալ Չեն Ու Կը Պահանջեն
Ներքին ճակատի վրայ եւս զգալի են որոշ «ձիւնհալ»-ի հետքեր, ուր առաւելաբար քաղաքական հարցերու գծով կարծր կեցուածքները աւելի մեղմ բնոյթ ստացան վերջին 24 ժամերուն, ինչպէս` զինուորական նշանակումներու հարցին գծով պատկան կողմերու միջեւ պարզուող համախոհութեան նշոյլները: Նմանապէս` միջլիբանանեան երկխօսութեան ճիգերը կը շարունակուին, ուր Հըզպալլա-Մուսթաքպալ խորհրդակցութեանց կողքին երէկ գիշեր խիստ հաւանական նկատուեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահի խորհրդականներէն Մլհեմ Ռիաշիի Ռապիէ այցելութեան հաւանականութիւնը յառաջիկայ ժամերուն: Քաղաքական ներդաշնակութիւն մը, որ կը հաստատէ Լիբանանի գծով արտաքին կողմերու ակնարկած երեք «ոչ»-երէն կամ «կարմիր գիծեր»-էն (ո՛չ վարչապետ Սալամի հրաժարման, ոչ ներքին ապահովական վիճակի բռնկեցման, ո՛չ նախագահական ընտրութեան` գէթ ներկայիս) կարեւորագոյնը` լիբանանեան հրապարակի բռնկեցման կանխարգիլումը:
Այսուհանդերձ, լիբանանցիք վճռած են իրե՛նք լուծել իրենց հարցերը եւ կամ գէթ` յստակ կեցուածք ճշդել այդ հիմնահարցերուն կապակցութեամբ:
Վերոնշեալ հիմնահարցերու առաջնակարգ թղթածրարներէն է ուրեմն Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցը, որ վերջերս վերստին առանցքը կը կազմէ վարիչներու եւ զանազան կողմերու պատասխանատուներու կեցուածքներուն:
Այս իմաստով, մարոնի եպիսկոպոսները իրենց ամսական հերթական նիստի աւարտին, հրատապ այլ հարցերու կողքին արծարծեցին նաեւ այս հարցը` պատկան կողմերէն պահանջելով փութալ լուծելու այս թղթածրարը: Անոնք իւրաքանչիւր համախմբումի եւ պլոքի թելադրեցին յստակօրէն բացայայտել նախագահական իրենց թեկնածուն:
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին տուած իր այցելութեան առիթով Տիմանի մէջ շեշտեց նախագահական ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը:


