Լիբանանեան

«Իշխանութեան Տիրանալու Մարմաջը  Յաւելեալ Վնասներ Պիտի Պատճառէ»   Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

«Իշխանութեան Տիրանալու Մարմաջը Յաւելեալ Վնասներ Պիտի Պատճառէ» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ օտար պատասխանատուներու հետ, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Այդ պատասխանատուներուն շարքին էին Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի, Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի եւ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար կարտինալ Փոլ Քալակար: Հանդիպումներուն ներկայ գտնուեցան նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան...

«Կան Իրաւունքներ,  Որոնք Պէտք Է Յանձնուին  Իրենց Իրաւատէրերուն»  Շեշտեց Զօր. Աուն

«Կան Իրաւունքներ, Որոնք Պէտք Է Յանձնուին Իրենց Իրաւատէրերուն» Շեշտեց Զօր. Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումին ընթացիկ նիստին, որմէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ, որ քննարկած են երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի մշակած աղբի տագնապի լուծման ծրագիրը` յոյս յայտնելով, որ այդ ծրագիրը կը գործադրուի, հակառակ անոր մասին գոյութիւն ունեցող որոշ վերապահութիւններուն: Զօր. Աուն նշեց նաեւ, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը իր...

Ապու Ֆաուր Կը Պահանջէ Փակել Քուրայի  Եւ Թըմնինի Սպանդանոցները

Ապու Ֆաուր Կը Պահանջէ Փակել Քուրայի Եւ Թըմնինի Սպանդանոցները

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ հիւսիսային Լիբանանի ընդհանուր դատախազ Ֆարիտ Քալլասէն պահանջեց փակել Քուրայի եւ Թըմնինի սպանդանոցները` նկատի ունենալով, որ անոնք առողջապահական չափանիշները չեն ամբողջացներ: Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ այդ սպանդանոցները պէտք է կարմիր մոմով փակուին, որովհետեւ անոնք կը գտնուին բնակուած շրջանի մէջ եւ կենսոլորտի ահաւոր ապականում կը պատճառեն:  

Բանակն Ու Ապահովութեան Ուժերը  Ձերբակալեցին Շարք Մը Յանցագործներ

Բանակն Ու Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալեցին Շարք Մը Յանցագործներ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն, բանակը Տէյր Ահմարի մէջ ձերբակալած է դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած Խալետ Աքրամ Ամհազը: Նոյն շրջանին մէջ բանակը գրաւեց «Քալաշնիքով» տիպի գնդացիրներ, ձեռնառումբեր, զինամթերք, հաղորդակցութեան սարքեր, կեղծ փաստաթուղթեր, ինչպէս նաեւ «Թոյոթա» տիպի ինքնաշարժ մը, որ փաստաթուղթեր չունէր: Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը ձերբակալեց սուրիացի քաղաքացի մը, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումներուն...

Նիւ Եորքի Մէջ.  Պասիլ-Լարսըն Հանդիպում

Ժըպրան Պասիլ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Իրլանտացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

  Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ իրլանտացի իր պաշտօնակիցին` Չարլզ Ֆլենեկընի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Իրլանտայի միջեւ գոյութիւն ունեցող հասարակ յայտարարները: Հանդիպումէն ետք Ֆլենեկըն յայտնեց, որ Պասիլի հետ քննարկած է երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւնները բարելաւելու կարեւորութիւնը: Ան նշեց, որ իրենք հպարտ կը զգան հարաւային Լիբանանի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել հանդիպում մը ունենալէ ետք հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ շեշտեց, որ ինք իբրեւ նախարար բանակին հաշուոյն գոյանալիք ոչ մէկ համաձայնութիւն պիտի ընդունի: ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ իր եւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի միջեւ միացեալ գործակցութիւն գոյութիւն ունի` բանտերուն իրավիճակը բարելաւելու իմաստով: ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի հանդիպում...

Վարչապետ Սալամ Հանդիպումներ  Ունեցաւ Հոլլանտի Եւ Մոկերինիի Հետ

Վարչապետ Սալամ Հանդիպումներ Ունեցաւ Հոլլանտի Եւ Մոկերինիի Հետ

Սալամ եւ Հոլլանտ Վարչապետ Թամմամ Սալամ Նիւ Եորքի մէջ շարունակեց հանդիպումներ ունենալ օտար պատասխանատուներու եւ ղեկավարներու հետ, որոնց շարքին էին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտը եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերու բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինին: Վարչապետ Սալամ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ հանդիպում մը ունեցաւ` ներկայութեամբ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպան Անթուան Շտիտի եւ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն դեսպան Նաուաֆ Սալամի:...

Զօր. Աուն Ընդունեց Շեհայէպը

Զօր. Աուն Ընդունեց Շեհայէպը

Շեհայէպ եւ զօր. Աուն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Ռապիէի մէջ ընդունեց երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպը, որուն հետ քննարկեց աղբի տագնապին լուծման յատուկ ծրագիրը եւ անոր գործադրութեան դիմագրաւած արգելակումները: Շեհայէպ շեշտեց, որ աղբի տագնապը լուծելու ծրագիրին գործադրութեան դիմաց ցցուած են զանազան քաղաքական խոչընդոտներ, պարտադրուած` քաղաքական տարբեր ուժերու կողմէ, «սակայն մենք պիտի դիմագրաւենք բոլոր...

Միջազգային Դատական Ատեանը   Քարմայ Խայեաթի Դէմ Արձակեց Իր Վճիռը

Միջազգային Դատական Ատեանը Քարմայ Խայեաթի Դէմ Արձակեց Իր Վճիռը

Քարմա Խայեաթ Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանը, նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին պատրաստած հետաքննական տեսագրութիւններուն առումով, կայանի փոխտնօրէն Քարմա Խայեաթը դատապարտեց 10 հազար եւրոյի համազօր տուգանքի: Գումարը պէտք է վճարուի մինչեւ 31 հոկտեմբեր 2015: Խայեաթի դէմ Միջազգային դատական ատեանին վճիռը արձակուեցաւ երէկ:

Ժոմպլաթ. «Պէտք Է Պայքարիլ Փտածութեան Դէմ»

Ժոմպլաթ. «Պէտք Է Պայքարիլ Փտածութեան Դէմ»

Ուալիտ Ժոմպլաթ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա»-ի մէջ իր շաբաթական սիւնակին ընդմէջէն ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող լարուած եւ գրեթէ սառած կացութեան շրջագիծին մէջ, պէտք է հաստատել փտածութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը: Ժոմպլաթ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է փտածութեան եւ մսխումին դէմ պայքարիլ պետական հաստատութիւններուն եւ վարչութիւններուն մէջ, յատկապէս հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան եւ համացանցի սուղ սակերուն դէմ:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՂԸ` չորեքշաբթի, 30 սեպտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, խորհրդարանը հրաւիրուած է նախագահական ընտրութեան նիստի մը: ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին սուրիացի մը, որ ՏԱՀԵՇ-ի անդամ է եւ Արսալի զինեալ բախումներուն ընթացքին լիբանանեան բանակին դէմ յարձակում գործած էր: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Փենսիլվանիոյ լիբանանեան գաղութին ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ եթէ Լիբանան ձախողի տարբեր քաղաքակրթութիւններուն միջեւ կամուրջ դառնալ, ապա ամբողջ աշխարհը...

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին .   «Պէտք Է Վերջ Տալ Զինեալ Բախումներուն, Ահաբեկչութեան Եւ Ատելութեան»  Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին . «Պէտք Է Վերջ Տալ Զինեալ Բախումներուն, Ահաբեկչութեան Եւ Ատելութեան» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Սալամ կ՛ուղղէ Լիբանանի խօսքը Վարչապետ Թամմամ Սալամ անցեալ հինգշաբթի օր, ընկերակցութեամբ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարար Ժըպրան Պասիլի, մեկնեցաւ Նիւ Եորք` մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի օժանդակող երկիրներուն յատուկ նիստին: ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ մարտահրաւէրները շատ են, իսկ սուրիացի գաղթականներուն հարցը բարգաւաճման սպառնացող մեծագոյն հարցն է: Ան...

«Զօր. Աուն Ոչ Մէկուն Հետեւորդը Կը Նկատուի, Եւ Մենք Կը Զօրակցինք Անոր Թեկնածութեան»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Զօր. Աուն Ոչ Մէկուն Հետեւորդը Կը Նկատուի, Եւ Մենք Կը Զօրակցինք Անոր Թեկնածութեան» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Սէյիտ Հասան Նասրալլա Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութեամբ ընթացող երկխօսութիւնը կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ, եթէ անոր յաջողութիւնը ապահովելու իմաստով անկեղծ միտումներ գոյութիւն ունենան: «Սակայն այդ երկխօսութենէն մեծ նուաճումներ պէտք չէ ակնկալել», ըսաւ ան: Ան նշեց, որ Իրան լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամուխ չի դառնար` աւելցնելով, որ...

Պըրրի. «Երկխօսութիւնը Կրնայ Բազմաթիւ Նուաճումներ Իրագործել, Եթէ Յետին Նպատակներ Չըլլան»

Պըրրի. «Երկխօսութիւնը Կրնայ Բազմաթիւ Նուաճումներ Իրագործել, Եթէ Յետին Նպատակներ Չըլլան»

Նեպիհ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նշեց, որ կը սխալի ան, որ կը մտածէ, թէ երկխօսութիւնը ժամանակ կորսնցնելու  կամ քաղաքացիական շարժումին դէմ գործելու նպատակով կը կատարուի: Խորհրդարանի նախագահը յոյս յայտնեց, որ ՄԱԿ-ին մէջ, ինչպէս նաեւ մեծ պետութիւններուն եւ Ռուսիոյ ի գործ դրած ջանքերը կը նպաստեն Միջին Արեւելքի, յատկապէս Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եմէնի մէջ արիւնահեղութեան կասեցումին: «Կը յուսանք, որ այսքան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի Ատհայի տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ յոյս յայտնեց, որ այդ տօնը ըլլայ բաժանումները շրջանցելու եւ փոխըմբռնում յառաջացնելու առիթ մը: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրի ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլին յայտնած է, թէ Սաատ Հարիրի համաձայն է բարձրաստիճան բանակայիններուն պաշտօնի բարձրացումին: ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի յայտնեց, որ իրենց համար հաճելի չէ տեսնել, թէ չափաւորական անձնաւորութիւն...

Մամլոյ Արձակուրդ

Ատհայի տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ ուրբաթ, 25 եւ շաբաթ, 26 սեպտեմբեր 2015-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երկուշաբթի, 28 սեպտեմբերին:

Հէյլ Այցելեց Վարչապետարան Եւ Պնաշհի

Հէյլ Այցելեց Վարչապետարան Եւ Պնաշհի

Հէյլ, Ֆրենժիէ եւ Արայժի Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ երէկ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ: Հանդիպումէն ետք Հէյլ յայտնեց, որ վարչապետին հետ քննարկած է անոր Նիւ Եորք այցելութեան եւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի զօրակցող երկիրներու ժողովին մասնակցութեան առնչուող նախապատրաստական աշխատանքները: Հէյլ շեշտեց, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին եւ բանակին` աւելցնելով,...

«Ընտրական Նոր Օրէնք Մը Պիտի Մշակուի, Հակառակ Ոմանց Մերժողական Կեցուածքներուն»   «Վանայ Ձայն»-ին Ըսաւ Էլի Ֆըրզլի

«Ընտրական Նոր Օրէնք Մը Պիտի Մշակուի, Հակառակ Ոմանց Մերժողական Կեցուածքներուն» «Վանայ Ձայն»-ին Ըսաւ Էլի Ֆըրզլի

Հալա Հատտատ եւ Էլի Ֆըրզլի Խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի «Վանայ Ձայն»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը պատմական սուտ մըն է եւ օրին հրապարակուած դատարկաբանութիւն: Ֆըրզլի յայտնեց, որ ինք կը զօրակցի երկխօսութեան եւ զայն ողջունելի նախաձեռնութիւն կը նկատէ, որովհետեւ լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութիւնը շատ աւելի լաւ է, քան գժտութիւնը: Անդրադառնալով երկխօսութեան Բ. նիստէն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի...

Սալամ Ընդունեց Արթիւր Նազարեանը

Սալամ Ընդունեց Արթիւր Նազարեանը

Նազարեան եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու նախարարութեան վերաբերող հարցեր: Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան նոր դեսպան Քրիսթինա Լասենը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային զարգացումները: Նշենք, որ Ատհայի տօնին առիթով վարչապետ Սալամ շնորհաւորեց լիբանանցիները` նշելով, որ ինք շնորհաւորութիւններ պիտի չկարենայ...

Սամի Ժեմայէլ Կը Մերժէ Հանրաքուէով Նախագահական Ընտրութիւնը

Սամի Ժեմայէլ Կը Մերժէ Հանրաքուէով Նախագահական Ընտրութիւնը

Սամի Ժեմայէլ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ կէսօրին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անհրաժեշտ նկատեց կառավարութեան կողմէ վաւերացուած աղբի տագնապի լուծման ծրագիրին գործադրութիւնը: Ժեմայէլ անդրադարձաւ նաեւ նախագահական ընտրութեան, որուն շրջագիծին մէջ ան հաստատեց երկրին սահմանադրութեան գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը մերժէ հանրաքուէով նախագահական ընտրութիւնը:

Page 901 of 986 1 … 900 901 902 … 986

Արխիւներ