Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին . «Պէտք Է Վերջ Տալ Զինեալ Բախումներուն, Ահաբեկչութեան Եւ Ատելութեան» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Սեպտեմբեր 28, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վարչապետ Սալամ կ՛ուղղէ Լիբանանի խօսքը
Վարչապետ Սալամ կ՛ուղղէ Լիբանանի խօսքը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ անցեալ հինգշաբթի օր, ընկերակցութեամբ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարար Ժըպրան Պասիլի, մեկնեցաւ Նիւ Եորք` մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի օժանդակող երկիրներուն յատուկ նիստին:

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ մարտահրաւէրները շատ են, իսկ սուրիացի գաղթականներուն հարցը բարգաւաճման սպառնացող մեծագոյն հարցն է:

Ան նշեց, որ Լիբանան կը կրէ բռնագաղթի ենթարկուած 1,2 միլիոն սուրիացի գաղթականներու բեռը, ինչ որ իր վատ ազդեցութիւնը կ՛ունենայ երկրին բարգաւաճման հոլովոյթին եւ կենսոլորտին վրայ, ինչպէս նաեւ հեղձուցիչ դարձուցած է անոր պետական կառոյցներուն իրավիճակը, յատկապէս կրթական, ապահովական, առողջապահական եւ ուժանիւթի մարզերուն պարագային:

Վարչապետ Սալամ շեշտեց նաեւ, որ սուրիացի գաղթականներուն գոյութիւնը իր հետեւանքները ունեցած է նաեւ երկրին տնտեսական կացութեան վրայ` աւելցնելով, որ միջազգային ընտանիքին հակազդեցութիւնը թերի էր գաղթականներուն հարցին գծով Լիբանանին մատուցուած օժանդակութեան շրջագիծին մէջ:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց մարդը զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ պէտք է վերջ տալ զինեալ բախումներուն, ահաբեկչութեան, համայնքային բռնարարքներուն եւ ատելութեան` երաշխաւորելու համար երկրին եւ շրջանին ապահովական կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը, որ բոլոր պետութիւններուն եւ ղեկավարութիւններուն հիմնական պարտականութիւնն է:

Յորդանանի Ապտալլա թագաւորին հետ հանդիպումէն պահ մը:
Յորդանանի Ապտալլա թագաւորին
հետ հանդիպումէն պահ մը:

Նիւ Եորքի մէջ վարչապետ Սալամ եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ ունեցան շարք մը հանդիպումներ, որոնց շարքին էր Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ հանդիպումը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ներկայիս Լիբանանը յուզող սուրիացի գաղթականներուն հարցը:

Վարչապետ Սալամ եւ Պասիլ հանդիպում մը ունեցան նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի գաղթականներու հարցերով օգնական Էն Ռիչըրտի, Սպանիոյ Ֆիլիփէ Զ. թագաւորին եւ Նորվեկիոյ վարչապետ Էռնա Սոլպերկի հետ:

Վարչապետ Սալամ Պասիլի եւ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն դեսպան Նաուաֆ Սալամի ներկայութեամբ հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ եւ անոր անձնական ներկայացուցիչ Թերի Ռոտ Լարսընի հետ:

Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցերը, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը:

Կը նախատեսուէր, որ վարչապետ Սալամ կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող առաւօտեան ընթացքին հանդիպումներ ունենար նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի, Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին եւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ:

Պէտք է աւելցնել, որ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին վարչապետ Սալամ զգուշացուց կառավարութեան աշխատանքին խոչընդոտումը շարունակելէ` աւելցնելով, որ կառավարութեան քննարկելիք օրակարգը բաւական խճողուած է:

Ան կոչ ուղղեց երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի մշակած` աղբի տագնապի լուծման ծրագիրը գործադրելու եւ վերջ տալու լիբանանեան փողոցը լարուած պահելու մթնոլորտին: Միւս կողմէ, ան ողջունեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով որդեգրուած քայլերը` միաժամանակ զգուշացնելով, որ երկրին տնտեսական եւ ընկերային կայունութիւնը վտանգուած է:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ իր պարտականութիւնն է Լիբանան վերադառնալէ ետք կառավարութիւնը նիստի հրաւիրել:

 

Նախորդը

«Զօր. Աուն Ոչ Մէկուն Հետեւորդը Կը Նկատուի, Եւ Մենք Կը Զօրակցինք Անոր Թեկնածութեան» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

Խամենէի Ռիատէն Կը Պահանջէ Ներում Հայցել Մունայի Աղէտին Համար

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?