Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 30, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել հանդիպում մը ունենալէ ետք հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ շեշտեց, որ ինք իբրեւ նախարար բանակին հաշուոյն գոյանալիք ոչ մէկ համաձայնութիւն պիտի ընդունի:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ իր եւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի միջեւ միացեալ գործակցութիւն գոյութիւն ունի` բանտերուն իրավիճակը բարելաւելու իմաստով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի հանդիպում մը ունենալէ ետք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ շեշտեց, որ Սուրիա ամբողջ աշխարհին եւ մարդկութեան փոխարէն կը տոկայ ահաբեկչութեան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ եթէ վարչապետ Թամմամ Սալամ կառավարութիւնը նիստի հրաւիրած է, ուրեմն զարգացումներ արձանագրուած են: Ան նշեց, որ Նաամէի աղբանոցին 7 օրով վերաբացումը չի կրնար համազօր ըլլալ Պուրճ Համուտի աղբանոցին վերաբացումին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ ոմանք Լիբանանի համար հանրապետութեան հզօր նախագահ մը չեն փափաքիր ունենալ, որովհետեւ կը մերժեն հզօր պետութեան մը կերտումը:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի համար նոր Թաէֆ մը պիտի չստեղծուի, այլ Տոհայի նման համաձայնութիւն մը` հակակշռելու համար քաղաքական եւ ապահովական լարուածութիւնը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ֆրանսացի բարձրաստիճան պատասխանատուէ մը, յայտնած է, թէ հանրապետութեան նախագահութիւնը կարիք ունի լիբանանեան ներքին համաձայնութեան եւ այդ համաձայնութեան մասին գոյանալիք արտաքին զօրակցութեան:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի շեշտեց, որ ամէնէն անհրաժեշտը աղբերը փողոցներէն անմիջական կերպով վերցնելու աշխատանքն է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռայա Հասան շեշտեց, որ քաղաքացիական ընկերութեան գործունէութիւնը կը ջլատէ երկրին տնտեսական մարզին բարգաւաճումը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, 11 հոկտեմբերին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ դէպի Պաապտա կատարուելիք  քայլարշաւին ընթացքին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ծրագրած է պատարագի մը մատուցումը, որուն ինք անձամբ ներկայ պիտի գտնուի եւ խօսք մը պիտի արտասանէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է` երկրին լարուածութիւնը հակակշռելու առումով:

 

 

Նախորդը

Սուրիոյ Տագնապին Հարցը Տիրական` Օպամա-Փութին Հանդիպումին Ընթացքին

Յաջորդը

Ժըպրան Պասիլ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Իրլանտացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

RelatedPosts

Հակառակ Դիւանագիտական  Եւ Քաղաքական Միջամտութիւններուն.  Իսրայէլ Կը Շարունակէ Հարուածել Լիբանանը
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Դիւանագիտական Եւ Քաղաքական Միջամտութիւններուն. Իսրայէլ Կը Շարունակէ Հարուածել Լիբանանը

March 7, 2026
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Իսրայէլեան Եւ Լիբանանեան Ճնշումները «Քուտս»  Զօրամասը Կը Մղեն Պէյրութէն Հեռանալու
Լիբանանեան

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Իսրայէլեան Եւ Լիբանանեան Ճնշումները «Քուտս» Զօրամասը Կը Մղեն Պէյրութէն Հեռանալու

March 7, 2026
Շրջանային Պատերազմի Ծիրին Մէջ Լիբանանի Դէմ Զինուորական Գործողութիւններու Կարկինը` Կ՛ընդլայնի.  Լիբանան Զօրաշարժի Մատնուած` Բոլոր Ուղղութիւններով
Գլխաւոր լուրեր

Շրջանային Պատերազմի Ծիրին Մէջ Լիբանանի Դէմ Զինուորական Գործողութիւններու Կարկինը` Կ՛ընդլայնի. Լիբանան Զօրաշարժի Մատնուած` Բոլոր Ուղղութիւններով

March 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.