
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան նոր դեսպան Քրիսթինա Լասենը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային զարգացումները:
Նշենք, որ Ատհայի տօնին առիթով վարչապետ Սալամ շնորհաւորեց լիբանանցիները` նշելով, որ ինք շնորհաւորութիւններ պիտի չկարենայ ընդունիլ` Նիւ Եորք կատարելիք իր ճամբորդութեան պատճառով: