
Վարչապետ Թամմամ Սալամ Նիւ Եորքի մէջ շարունակեց հանդիպումներ ունենալ օտար պատասխանատուներու եւ ղեկավարներու հետ, որոնց շարքին էին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտը եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերու բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինին:
Վարչապետ Սալամ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ հանդիպում մը ունեցաւ` ներկայութեամբ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպան Անթուան Շտիտի եւ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն դեսպան Նաուաֆ Սալամի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին վերաբերող հարցեր:

Վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Մոկերինի յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կը գտնուի կարեւոր որոշում մը տալու սեմին` աւելցնելով, որ այդ որոշումը պիտի ըլլայ սուրիացի գաղթականները հիւրընկալող երկիրներուն տրամադրուած նիւթական օժանդակութիւնները աւելցնել, ինչպէս նաեւ փորձել շրջանին տագնապները, յատկապէս Սուրիոյ տագնապը քաղաքական կերպով լուծել:
Վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին հետ:
Վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ` ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի:
Կը նախատեսուի, որ վարչապետ Սալամ հանդիպումներ ունենայ նաեւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի, Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ եւ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ:
Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը աւանդական եւ պատմական առումով կապուած է շրջանի դէպքերուն եւ Լիբանանի վրայ անոնց ունեցած հետեւանքներուն:
Ան նշեց, որ Լիբանանի 12 նախագահներէն 11-ը ընտրուած են արտաքին օժանդակութեամբ կամ միջամտութեամբ:
Վարչապետ Սալամ նաեւ ընդգծեց, որ նախագահական աթոռը թափուր պահելու հետեւանքները ծանր պիտի ըլլան Լիբանանի համար` շեշտելով հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու կարեւորութիւնը:
Վարչապետ Սալամ դիտել տուաւ, որ եթէ իր հրաժարականը պիտի նպաստէ, որ քաղաքական ուժերը նախագահական ընտրութիւն կատարեն, ապա ինք երկվայրկեան մը իսկ պիտի չվարանի հրաժարելու, «սակայն այնքան ատեն որ իմ հրաժարականս կրնայ երկրին եւ պետութեան յաւելեալ վնասներ պատճառել, ապա ճնշումի տակ պիտի ըլլամ եւ պիտի համբերեմ», ըսաւ ան: