Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանը, նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին պատրաստած հետաքննական տեսագրութիւններուն առումով, կայանի փոխտնօրէն Քարմա Խայեաթը դատապարտեց 10 հազար եւրոյի համազօր տուգանքի: Գումարը պէտք է վճարուի մինչեւ 31 հոկտեմբեր 2015:
Խայեաթի դէմ Միջազգային դատական ատեանին վճիռը արձակուեցաւ երէկ: