
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութեամբ ընթացող երկխօսութիւնը կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ, եթէ անոր յաջողութիւնը ապահովելու իմաստով անկեղծ միտումներ գոյութիւն ունենան: «Սակայն այդ երկխօսութենէն մեծ նուաճումներ պէտք չէ ակնկալել», ըսաւ ան:
Ան նշեց, որ Իրան լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամուխ չի դառնար` աւելցնելով, որ այս մասին Իրան ֆրանսացիները տեղեակ պահած է: «Մենք Իրանի դաշնակիցներն ենք, սակայն լիբանանեան առումով մենք ինքնուրոյն որոշումներ ունինք, իսկ Թեհրան Լիբանանի երկխօսութեան նիստին գծով ոչ մէկ արգելք ունի», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան թղթածրարին` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ այդ թնճուկին պատճառը յստակ է` աւելցնելով, որ նոյնիսկ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի համաձայն էր, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն նախագահ ընտրուի, «իսկ եթէ Հարիրի մերժեց այդ իրականութիւնը, ապա այդ մէկը կը նշանակէ, թէ ան հարց ունի», աւելցուց ան:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը ընդգծեց, որ իրենց համար հանրապետութեան հզօր նախագահը պէտք է ըլլայ Լիբանանին նուիրուած անձնաւորութիւն մը, որ վաճառելու կամ գնելու միտումներ չունենայ: «Մենք այդ յատկանիշները կը գտնենք զօր. Միշել Աունի անձին մէջ. ան ոչ մէկուն հետեւորդը կը նկատուի, եւ մենք կը զօրակցինք անոր թեկնածութեան, այնքան ատեն որ այդ թեկնածութիւնը առկայ կը մնայ», շեշտեց ան:
Երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ այդ ընտրութիւնները ոչ մէկ փոփոխութիւն կրնան յառաջացնել, բացի եթէ վաւերացուի համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնք մը, որ առիթ կու տայ բոլոր համայնքներուն եւ քաղաքական ուժերուն արդար կերպով ներկայացուելու խորհրդարանին մէջ:
«Համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքը մերժողը բռնատէր մըն է», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իրենք չեն մերժեր քաղաքացիական ընկերութեան շարժումները, ընդհակառակն` անոնց յաջողութիւն կը մաղթեն:
Այս շրջագիծին մէջ սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ կառավարութեան մաս կազմելու իրենց նախ եւ առաջ երկրին քաղաքական եւ ապահովական կայունութիւնը ապահովելու նպատակով եղած է, իսկ երկրորդ` փտածութեան դէմ պայքարելու նպատակով:
Սուրիոյ տագնապին անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա ողջունեց ռուսական ազդակին կարեւորութիւնը, շեշտելով, որ Սուրիան քանդող ահաբեկչութիւնը տապալելու իմաստով ամէն օժանդակութիւն գնահատելի է:
Ան աւելցուց, որ Իրան Սուրիոյ ներքին հարցերուն եւ որոշումներուն չի միջամտեր, սակայն Իրանի նպատակը այն է, որ Սուրիա շարունակէ մնալ Դիմադրութեան առանցքին մէջ, իսկ Թեհրան մտահոգ է Սուրիան քանդող ահաբեկչութեամբ:
Այս իմաստով սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուող միջազգային դաշինքին` շեշտելով, որ Միացեալ Նահանգներն ու ամերիկեան վարչակազմը գլխաւոր ահաբեկիչներն են եւ անոնք ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու ատակ չեն:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Դիմադրութեան մարտիկները պիտի շարունակեն հաւատադրժողական շարժումներուն դէմ իրենց պայքարը` դիտել տալով, որ իրենց նպատակը Լիբանանի բոլոր սահմաններուն ապահովական կայունութիւնը ապահովելն է: Ան շեշտեց, որ Քուսէյրի եւ Քալամունի կռիւներէն ետք, իրենք 1 յուլիսէն ի վեր Զապատանիի մէջ կը կռուին, որովհետեւ այդ շրջանը Մասնաա-Դամասկոս ճամբուն կը սպառնայ:
«Մենք օրին ահաբեկչութեան դէմ պայքարին աւարտին ժամկէտ չճշդեցինք, սակայն գիտենք, թէ ո՛ւր պիտի հասնինք», շեշտեց ան:
Իսրայէլի հետ պատերազմի մը մասին հարցումի մը պատասխանելով` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ այդ պատերազմը որեւէ ատեն կրնայ բռնկիլ` նկատի ունենալով Իսրայէլի թշնամական ինքնութիւնը: «Իսրայէլի դէմ պատերազմը ակնթարթի հարց է, եւ մենք մնայուն կերպով պէտք է պատրաստ ըլլանք մեր երկիրն ու ժողովուրդը պաշտպանելու. այս է Դիմադրութեան առաքելութիւնը», եզրափակեց ան: