Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կան Իրաւունքներ, Որոնք Պէտք Է Յանձնուին Իրենց Իրաւատէրերուն» Շեշտեց Զօր. Աուն

September 30, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

michel_aoun1_9-29-15

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումին ընթացիկ նիստին, որմէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ, որ քննարկած են երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի մշակած աղբի տագնապի լուծման ծրագիրը` յոյս յայտնելով, որ այդ ծրագիրը կը գործադրուի, հակառակ անոր մասին գոյութիւն ունեցող որոշ վերապահութիւններուն:

Զօր. Աուն նշեց նաեւ, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը իր գործունէութեան մէջ կը թերանայ` նկատի ունենալով, որ ելեւմուտքի նախարարութեան գործունէութեան մասին կապալառուներուն կողմէ լուրջ բողոքներ կ՛արձանագրուին:

Այս շրջագիծին մէջ ան աւելցուց, որ ելեւմուտքի նախարարութեան թերացումներէն ամէնէն աւելի կը տուժեն ուժանիւթի նախարարութեան կապալառուները` աւելցնելով, որ իրենք պարտականութիւն տուած են ելեւմուտքի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահին ելեւմուտքի նախարարը լուսաբանական հանդիպումի մը հրաւիրելու:

Զօր. Աուն նշեց նաեւ, որ իրենք գաղտնի համաձայնութիւններ կատարող պատասխանատուներ չեն եւ կը հաւատան, որ կան իրաւունքներ, որոնք պէտք է յանձնուին իրենց իրաւատէրերուն:

Անդրադառնալով «Սաֆիր» օրաթերթով լոյս տեսած 9 կէտերէ բաղկացող ծրագիրին, որ կը պարփակէ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնի նշանակման կարելիութիւնը, զօր. Աուն ընդգծեց հետեւեալը. «Բոլորին համար յստակ պէտք է ըլլայ, որ առանց բանակի հրամանատար մը նշանակելու կարելի պիտի չըլլայ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն նշանակել»:

Զօր. Աուն նկատել տուաւ, որ իրենց խոստումը դրժող քաղաքական որոշ ուժեր եթէ իրենց այս ընթացքը շարունակեն, ապա ինք պոյքոթի պիտի ենթարկէ երկխօսութեան նիստերուն իր մասնակցութիւնը:

 

Նախորդը

Ապու Ֆաուր Կը Պահանջէ Փակել Քուրայի Եւ Թըմնինի Սպանդանոցները

Յաջորդը

«Իշխանութեան Տիրանալու Մարմաջը Յաւելեալ Վնասներ Պիտի Պատճառէ» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.