Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իշխանութեան Տիրանալու Մարմաջը Յաւելեալ Վնասներ Պիտի Պատճառէ» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Սեպտեմբեր 30, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

salam_sisi_9-29-15

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ օտար պատասխանատուներու հետ, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Այդ պատասխանատուներուն շարքին էին Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի, Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի եւ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար կարտինալ Փոլ Քալակար:

Հանդիպումներուն ներկայ գտնուեցան նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն դեսպան Նաուաֆ Սալամ:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տնտեսական աճը այս տարուան համար հաւանաբար 1 կամ 0 առ հարիւր ըլլայ` նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող կացութիւնը:

Ան նշեց, որ իր դիմագրաւած տնտեսական, քաղաքական եւ ապահովական մարտահրաւէրներուն կողքին, Լիբանան մէկ տարի եւ չորս ամիսէ ի վեր հանրապետութեան նախագահէ զուրկ է` քաղաքական ուժերուն միջեւ տիրող անհամաձայնութեան պատճառով:

Վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ նախապէս երկիրը նման տագնապներ դիմագրաւած է` աւելցնելով, որ անգամ մը փրկուած են Թաէֆի համաձայնագիրով, իսկ ուրիշ անգամ` Տոհայի խորհրդաժողովով:

«Քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է գիտնան, որ իշխանութեան տիրանալու մարմաջը յաւելեալ վնասներ պիտի պատճառէ», ըսաւ ան:

Նշենք, որ վարչապետ Սալամ այսօր Լիբանանի խօսքը կ՛արտասանէ Լիբանանին օժանդակող եւ զօրակցող  երկիրներուն նիստին ընթացքին:

 

 

 

Նախորդը

«Կան Իրաւունքներ, Որոնք Պէտք Է Յանձնուին Իրենց Իրաւատէրերուն» Շեշտեց Զօր. Աուն

Յաջորդը

Ուժանիւթի Նախարարութիւնը Դարձաւ Քաղաքացիական Ընկերութեան Թիրախը

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?