Լիբանանեան

Հըզպալլա Ձերբակալած Է Գործակալ Մը

Հըզպալլա Ձերբակալած Է Գործակալ Մը

Քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա ինքն իր շարքերուն մէջէն ձերբակալած է գործակալ մը, որ կը գործէր «Ռասուլ Աազամ» հիւանդանոցին մէջ: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, հետաքննութեան ենթարկուող գործակալը արեւմտեան մեծ պետութեան մը հետ կապի մէջ եղած է: Ըստ «Ռայ»-ի, հաւանական է, որ ձերբակալուած գործակալը Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ Հըզպալլայի պատասխանատուներուն առողջական վիճակին մասին տեղեկութիւններ տրամադրած ըլլայ այդ պետութեան: «Նաշրա»...

Բանակը Ռմբակոծեց Արսալը Եւ Ձերբակալեց Յանցագործներ

Բանակը Ռմբակոծեց Արսալը Եւ Ձերբակալեց Յանցագործներ

  Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն, բանակը ուժգին ռմբակոծած է Արսալի բարձունքները` թիրախ դարձնելով զինեալներուն շարժումները: Միւս կողմէ, բանակի անկարգելաւորներու ջոկատը երէկ առաւօտեան Մաշարիհ Քաայի մէջ ձերբակալեց 250 սուրիացի գաղթականներ, որոնցմէ 202-ը զանազան յանցանքներով պահանջուած անձեր են:    

Օպամա Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ Պիտի Քննարկէ Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահին Հարցը

Օպամա Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ Պիտի Քննարկէ Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահին Հարցը

Ֆրանչիսկոս պապը եւ Օպամա Պէյրութի մէջ գտնուող դիւանագիտական աղբիւրներ հաստատած են, որ ունին յստակ տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Ֆրանչիսկոս պապին միջեւ կատարուելիք պատմական հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկուի Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին ընտրութեան հարցը: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, Վատիկանը պահանջած է քննարկել այդ թղթածրարը` մեկնելով Լիբանանի եւ անոր պետական հաստատութիւններուն դէմ ծառացող վտանգներուն մասին պապին մտահոգութիւններէն:

Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ  Գերմանիոյ Դեսպանը Կը Յայտնէ.  Գերմանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Հայոց  Ցեղասպանութեան Առնչուող Բանաձեւի Քննարկումը Կը Շարունակուի

Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանը Կը Յայտնէ. Գերմանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Առնչուող Բանաձեւի Քննարկումը Կը Շարունակուի

Մաթիաս Քիեսլեր «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մաթիաս Քիեսլեր լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ Գերմանիոյ խորհրդարանին` Պունտեսթակին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող բանաձեւի քննարկման հոլովոյթը կը շարունակուի: «2015-ը Հայաստանի համար շատ կարեւոր տարի է, այս առիթով Գերմանիոյ մէջ բուռն քննարկումներ եղած են, նախագահը այս նիւթին վերաբերեալ արտայայտուած է: Այն ինչ որ մենք հիմա չունինք,...

6, 7 Եւ 8 Հոկտեմբերին Երկխօսութեան  Իրերայաջորդ Վեց Նիստեր Պիտի Գումարուին

6, 7 Եւ 8 Հոկտեմբերին Երկխօսութեան Իրերայաջորդ Վեց Նիստեր Պիտի Գումարուին

Երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, խորհրդարանին մէջ գումարուեցաւ երկխօսութեան Գ. նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ անոր քաղաքական խորհրդատու, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի, նախկին վարչապետ...

Շեհայէպ. «Նաամէի Աղբանոցին Հետ  Առնչութիւն Ունեցող Քաղաքապետարանները  Համաձայն Են Աղբանոցի Վերաբացման»

Շեհայէպ. «Նաամէի Աղբանոցին Հետ Առնչութիւն Ունեցող Քաղաքապետարանները Համաձայն Են Աղբանոցի Վերաբացման»

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ երեկոյեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպը եւ աղբանոցներու թղթածրարը հետապնդող յանձնախումբին անդամները: Հանդիպումէն ետք Շեհայէպ յայտնեց, որ երկրին աղբերուն տագնապը լուծելու ոչ մէկ այլ ձեւ կայ, բացի իր պատրաստած համապարփակ ծրագիրին գործադրութենէն` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն քաղաքական եւ ոչ քաղաքական խոչընդոտները թօթափելու, որպէսզի լիբանանցիներուն փոխանցեն այդ ծրագիրին...

«Չկայ Օրէնք Մը, Որ Կը Հաստատէ,  Որ Խորհրդարանը Պէտք Է Ընտրէ  Հանրապետութեան Նախագահը»  Շեշտեց Զօր. Աուն

«Չկայ Օրէնք Մը, Որ Կը Հաստատէ, Որ Խորհրդարանը Պէտք Է Ընտրէ Հանրապետութեան Նախագահը» Շեշտեց Զօր. Աուն

Զօր. Միշել Աուն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք նախագահելէ ետք համախմբումին գումարած ընթացիկ նիստին, Ռապիէէն յայտարարեց, որ երկխօսութեան երրորդ նիստին ընթացքին ղեկավարները անդրադարձած են նախագահին յատկանիշներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանցիները յուզող ընդհանուր հարցերուն, «ի վերջոյ ըսելու համար, որ տագնապներու կուտակում կայ` յատկապէս քաղաքական կեանքին առնչութեամբ, եւ այդ մէկը արձանագրուած է ընտրական օրէնքի չգոյութեան եւ...

Զօր. Քահուաժի. «Ի՛նչ Ալ Ըլլան  Զոհողութիւնները, Պիտի Շարունակենք  Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը»

Զօր. Քահուաժի. «Ի՛նչ Ալ Ըլլան Զոհողութիւնները, Պիտի Շարունակենք Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը»

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակին կարողութիւնները բարելաւելու նպատակով կազմուած դեսպաններու մակարդակով համակարգումի խորհուրդը, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց` բանակին տրամադրուած օժանդակութիւններուն առիթով: Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ այս հանգրուանին լիբանանեան բանակը հսկայ պատասխանատուութիւն կը կրէ` հարաւային Լիբանանի սահմանները պաշտպանելու, 375 քմ երկարութեամբ Լիբանան-Սուրիա հիւսիսարեւելեան սահմանները պաշտպանելու, աւելի քան մէկ միլիոն սուրիացի գաղթականներու ներկայութեան երկրին ներքին ապահովական...

Ժըպրան Պասիլ Ընդունեց  Նորվեկիացի Իր Պաշտօնակիցը

Ժըպրան Պասիլ Ընդունեց Նորվեկիացի Իր Պաշտօնակիցը

Պասիլ եւ Պրենտէ Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարար Պէօրկէ Պրենտէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող խնդիրներ: Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ յայտնեց, որ այս այցելութիւնը ցուցանիշ է Լիբանանի եւ Նորվեկիոյ միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի...

Հոլանտայի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Պաշտօնական Այցելութիւն Մը Տուաւ Պէյրութ

Հոլանտայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Պաշտօնական Այցելութիւն Մը Տուաւ Պէյրութ

Պասիլ եւ հոլանտացի իր պաշտօնակիցը Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Պերթ Քոէնտերս նախանցեալ երեկոյեան երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Պէյրութ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ժըպրան Պասիլի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ տեղական ու շրջանային իրադարձութիւնները: Քոէնտերս երէկ այցելեց Արեւմտեան Պեքաայի Հաուշ Հրայմէ շրջանի սուրիացի գաղթականներու ապաստանարանները, ուր ստուգեց գաղթականներուն իրավիճակը եւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները: Քոէնտերս հաստատեց, որ Եւրոպական...

Իսրայէլեան Ուժեր Խիստ Հսկողութիւն Կը Կատարեն «Կապոյտ Գիծ»-ի Տարածքին

Իսրայէլեան ուժեր «Համըր» տիպի ինքնաշարժներով շրջուն հսկողութիւն կը կատարեն սահմանային «Կապոյտ գիծ»-ին տարածքին վրայ, սկսեալ Թալլեթ Ապպասէն մինչեւ Ուատի Ասալ, Թիլալ Ատայսէ, Պաուապաթ Ֆաթմէ, Ուազզանի եւ Ղաժար: Միւս կողմէ, իսրայէլեան օդուժը Հասպայայի, Արքուպի, Ժապալ Շէյխի եւ Ռաշայա Ուատիի վերեւ նախանցեալ գիշեր եւ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն «Էմ. Քա.» տիպի հետախուզական օդանաւերով թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեցին:

«Ստիպուած Չենք Այլ Շրջաններու  Աղբերուն Բեռը Տանելու»  Ըսաւ Յ. Բագրատունի

«Ստիպուած Չենք Այլ Շրջաններու Աղբերուն Բեռը Տանելու» Ըսաւ Յ. Բագրատունի

Լիբանանեան ֆրանսատառ «Մակազին» պարբերաթերթը Լիբանանի մէջ աղբի տագնապին եւ զայն լուծելու նպատակով կառավարութեան կողմէ վաւերացուած ծրագիրին շուրջ յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ: Պատասխանելով Պուրճ Համուտի աղբանոցին վերաբացման մասին տարաձայնութեանց վերաբերող հարցումի մը` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Աղբի տագնապի լուծման պիտակին տակ, բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ Պուրճ Համուտի աղբանոցին վերաբացման վրայ: Այդ աղբանոցը 22 տարի...

Խորհրդարանը Այսօր  Պիտի Հիւրընկալէ Երկխօսութեան Գ. Նիստը

Խորհրդարանը Այսօր Պիտի Հիւրընկալէ Երկխօսութեան Գ. Նիստը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախագահութեամբ, խորհրդարանը այսօր կէսօրին պիտի հիւրընկալէ երկխօսութեան Գ. նիստը, որուն ընթացքին պիտի շարունակուին լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն միջեւ քննարկումները` հիմնական օրակարգ ունենալով նախագահական ընտրութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ ներքին ապահովութեան ուժերուն ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ այսօրուան երկխօսութեան առիթով պիտի որդեգրուին երթեւեկի յատուկ միջոցառումներ, ըստ որոնց, առաւօտեան ժամը 7:00-էն սկսեալ եւ մինչեւ երկխօսութեան աւարտը...

Մաշնուք Եւ Իպրահիմ Այցելեցին  Յանցագործներու Ժամանակաւոր  Արգելափակման Նորակառոյց Բանտը

Մաշնուք Եւ Իպրահիմ Այցելեցին Յանցագործներու Ժամանակաւոր Արգելափակման Նորակառոյց Բանտը

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ կէսօրին այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան տրամադրութեան տակ գտնուող յանցագործներու ժամանակաւոր արգելափակման նորակառոյց բանտը, որ կը գտնուի Թրիփոլիի Ապտէ հրապարակին վրայ: Մաշնուք դիմաւորուեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի կողմէ: Այս կառոյցին բացման պաշտօնական արարողութեան առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Մաշնուք յայտնեց, որ ինք ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան սիրահար մըն է` աւելցնելով, որ իր...

Ժըպրան Պասիլ Ընդունեց Միացեալ  Նահանգներու Եւ Ռուսիոյ Դեսպանները

Ժըպրան Պասիլ Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Եւ Ռուսիոյ Դեսպանները

Պասիլ եւ Զասիփքին Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունենալիք ՄԱԿ-ի 70-րդ Ընդհանուր ժողովին վերաբերող նախապատրաստական աշխատանքները: Միւս կողմէ, Պասիլի այցելեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին. քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Զասիփքին շեշտեց Արեւելքի մէջ...

Սամի Ժեմայէլ Այցելեց  Հանրապետութեան Միւֆթիին

Սամի Ժեմայէլ Այցելեց Հանրապետութեան Միւֆթիին

Սամի Ժեմայէլ եւ միւֆթի Տըրիան Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ առաւօտեան այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ շեշտեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը պիտի չդադրի փտածութեան թղթածրարը արծարծելէ` աւելցնելով, որ ինք ազգային երկխօսութենէն ոչինչ կ՛ակնկալէ, յատկապէս նկատի ունենալով վերջին երկու օրերուն հնչած խօսքերը, որոնք կը փաստեն, թէ իւրաքանչիւր քաղաքական...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Քաայի մէջ ձերբակալած է 80 սուրիացիներ, որոնք առանց փաստաթուղթի, ապօրինի կերպով մուտք գործած են Լիբանան: ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ անկախ անկէ, թէ ո՛վ է քաղաքացիական ընկերութիւնը ցոյցի հրաւիրող կողմը, պատասխանատուները պէտք է լսեն ժողովուրդին պահանջները: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի շեշտեց, որ ժողովրդային հանրաքուէով հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը անկարելի պիտի ըլլայ: ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ...

Քաղաքացիական Շարժումը Բազմամարդ  Ցոյց Մը Կատարեց Դէպի Նըժմէ Հրապարակ

Քաղաքացիական Շարժումը Բազմամարդ Ցոյց Մը Կատարեց Դէպի Նըժմէ Հրապարակ

Քաղաքացիական շարժումը համակարգող «29 օգոստոս» արշաւը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին կատարեց քայլարշաւ մը, որ սկսաւ Պուրճ Համուտէն` Պէյրութ գետի կամուրջէն եւ ուղղուեցաւ մինչեւ Նըժմէ հրապարակ: Բազմամարդ այս ցոյցը կազմակերպող արշաւներն ու շարժումները հաստատեցին, որ իրենց ընտրած քայլարշաւի ուղին պատահական չէ, այլ` նպատակներ կը հետապնդէ: «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւի անդամները շեշտեցին, որ այդ ցոյցը Պուրճ Համուտէն կը սկսի` մերժելու համար Պուրճ Համուտի...

Պըրրի Ընդունեց Վարչապետն  Ու Առողջապահութեան Նախարարը

Պըրրի Ընդունեց Վարչապետն Ու Առողջապահութեան Նախարարը

Սալամ եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ համագործակցութիւնը երկրին տագնապները դիմագրաւելու լաւագոյն ազդակներէն մէկն է` ընդգծելով, որ Նիւ Եորքէն իր վերադարձէն ետք կառավարութիւնը նիստի պիտի հրաւիրէ: Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ բոլոր թղթածրարները լուծման ուղիին վրայ կը գտնուին` աւելցնելով, որ առաջնահերթութիւնը աղբի տագնապը լուծելն է: Ան մաղթեց, որ...

Ժըպրան Պասիլ Պաշտօնապէս Ստանձնեց  Ազգային Ազատ Հոսանք  Կուսակցութեան Ղեկավարութիւնը

Ժըպրան Պասիլ Պաշտօնապէս Ստանձնեց Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Ղեկավարութիւնը

Զօր. Միշել Աուն Երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Սահել Ալմայի «Փլաթէա» սրահին մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպած հանդիսութեան ընթացքին արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ պաշտօնապէս ստանձնեց կուսակցութեան ղեկավարութիւնը` ներկայութեամբ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպասի, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու, դեսպաններու եւ Ազգային...

Page 902 of 986 1 … 901 902 903 … 986

Արխիւներ