ՎԱՂԸ` չորեքշաբթի, 30 սեպտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, խորհրդարանը հրաւիրուած է նախագահական ընտրութեան նիստի մը:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին սուրիացի մը, որ ՏԱՀԵՇ-ի անդամ է եւ Արսալի զինեալ բախումներուն ընթացքին լիբանանեան բանակին դէմ յարձակում գործած էր:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Փենսիլվանիոյ լիբանանեան գաղութին ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ եթէ Լիբանան ձախողի տարբեր քաղաքակրթութիւններուն միջեւ կամուրջ դառնալ, ապա ամբողջ աշխարհը պիտի ձախողի:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ բանակի սպաներուն պաշտօնը բարձրացնելու կարելիութեան առնչութեամբ մերժում չկայ, սակայն այդ մասին կան լուրջ հարցեր:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի յայտնեց, որ այնքան ատեն որ քաղաքապետարանները համաձայն են երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի ծրագիրին, ապա անոր գործադրութիւնը պէտք է սկսի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ լիբանանեան երկխօսութիւնը պիտի ձախողի, որովհետեւ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ իր կեցուածքներէն անշեղ կը մնայ:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն եւ իրանեան դեսպանատան միջեւ գործակցութիւնը:
ՖԱՆԱՐԻ բնակիչները երէկ փակեցին այն ճամբան, որ կ՛առաջնորդէ դէպի Ֆանարի քաղաքապետարանին կողմէ իբրեւ աղբանոց օգտագործուած տարածքը:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ Ժամալ Ապտել Նասերի ծրագիրը միակ միջոցն է պահպանելու արաբ ժողովուրդին ապահովութիւնն ու արաբական զարթօնքը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ Արսալ լիբանանեան քաղաք է, եւ պետութիւնն ու Դիմադրութիւնը պէտք է ազատագրեն զայն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Լիբանանի շահերը կարելի է ապահովել երկրին սահմանադրութեան համաձայն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Ռուսիա կրնայ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման կնքահայրը դառնալ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ Նաամէի աղբանոցը 7 օրուան համար բանալու իմաստով ոչ մէկ հարց կայ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի, հանդիպում մը ունենալէ ետք հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ, շեշտեց, որ երկխօսութիւնը երաշխիքն է քաղաքական բոլոր ղեկավարութիւններուն միջեւ գոյանալիք համաձայնութեան:
ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ուատիհ Խազեն, հանդիպում մը ունենալէ ետք մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին հետ, շեշտած է յաջորդ երկխօսութեան նիստին ընթացքին որակական նուաճում մը իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ բանակները, դրամն ու ահաբեկչութիւնը չեն կրնար ժողովուրդներուն կամքը պարտութեան ենթարկել: