Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ հիւսիսային Լիբանանի ընդհանուր դատախազ Ֆարիտ Քալլասէն պահանջեց փակել Քուրայի եւ Թըմնինի սպանդանոցները` նկատի ունենալով, որ անոնք առողջապահական չափանիշները չեն ամբողջացներ:
Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ այդ սպանդանոցները պէտք է կարմիր մոմով փակուին, որովհետեւ անոնք կը գտնուին բնակուած շրջանի մէջ եւ կենսոլորտի ահաւոր ապականում կը պատճառեն: